Սրբազան Պապին դէպի Քանատա «ապաշխարութեան ուխտագնացութիւնը»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրելի Քանատայի եղբայրներ եւ քոյրեր ինչպէս գիտէք ձեր մօտ պիտի գամ յանուն Յիսուսին մասնաւորապէս հանդիպելու եւ ողջագուրելու համար բնիկ ժողովուրդները։ Քանատայի մէջ դժբախտաբար, բազմաթիւ քրիստոնեաներ, ներառեալ կրօնական հաստատութիւններու անդամներ, սատարեցին մշակութային ձուլման քաղաքականութեան, որ անցեալին մէջ, ծանրապէս եւ տարբեր ձեւերով վնաս հասցուց
բնիկ հասարակութիւններուն։ Ասոր համար, վերջերս, Վատիկանի մէջ ընդունեցայ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու մի քանի խումբեր, որոնց յայտնեցի իմ ցաւս եւ իմ զօրակցութիւնը չարիքին համար որուն ենթակայ եղան»։ Այս խօսքերով որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 17 Յուլիս 2022ի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, ակնարկեց յառաջիկայ կիրակի 24 Յուլիսին սկիզբ առնող դէպի Քանատա առաջնորդող առաքելական ճամբորդութեան` ուր աւելցուց ի միջի այլոց Ան, «պիտի կատարեմ ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն մը, որ Աստուծոյ շնորհքով, յուսամ կարենայ սատարել արդեն սկիզբ առած հաշտութեան եւ ապաքինումի ուղեւորութեան»։
Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք նախապատրաստական աշխատանքին եւ իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար Սրբազան Պապը հաւատացեալներէն խնդրեց, որ իրեն ընկերանան աղօթքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ