MAP

Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրող օդանաւը ժամանեց Էտմոնթոնի օդակայան

Ճանապարհորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ ողջունելու իր հետ ճամբորդող լրագրողները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Յուլիս 2022ին, տեղական ժամով 11,09 անց Հռոմի ժամո 19,09-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներն ու լրագրողները փոխադրող ITA ընկերութեան օդանաւը 10 ժամ 20 Վայրկեան տեւած թռիչքէ ետք վայրէջք կատարեց Քանատայի Էտմոնթոն քաղաքի միջազգային օդակայան։

Ճանապարհորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ ողջունելու իր հետ ճամբորդող լրագրողները։

Պաշտօնական ընդունելուիթւն

Սրբազան Քահանայապետին օդանաւին մէջ դիմաւորեցին Փրոթոքոլի Պետը եւ Քանատայի մօտ առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Իվան Եուրքովիչը իսկ օդանաւի ոտքին Նորին Սրբութեան բարի գալուստ մաղթեցին Ընդհանուր Կառավարիչը եւ Քանատայի Վարչապետը, մինչ երկու մանուկներ, աւանդական տարազներով, Սրբազան Պապին նուիրեցին ծաղկեփունջ մը։ Բարի գալուստի արարողութեան ներկայ էին նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն ներկայացուցիչները։

Օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացումը, պատուոյ պահակախումբի յարգանքի տուրքը, ապա հակիրճ հանդիպում ընդմէջ Սրբազան Պապին եւ Քանատայի Վարչապետին ու Ընդհանուր Կառավարիչին։

Հանդիպումէն ետք Սրբազան Պապը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ դէպի «St. Joseph Seminary», որ կը գտնուի գրեթէ 30 քմ. Հեռաւորութեան վրայ եւ այս օրերուն պիտի հանդիսանայ իր նստավայրը։

Սուրբ Յովսէփի անուան նորընծայարանը

Սուրբ Յովսէփ նորընծայարանը բացուած է 1927 թուականին` Henry Joseph O’Leary Արքեպիսկոպոսին ջանքերով։ 2010-ին Նորընծայարանը փոխադրուեցաւ այլ հասցէ ` նորակառոյց եւ աւելի մեծ շէնք մը, ուր նորընծաներուն եւ հիւրերուն համար վերապահուած են 60 սենեակներ, ժողովասրահներ, մատուր մը, զբօսանքային գործունէութեան տարածքներ, մարզասրահ մը եւ ուսումնարան մը որ կը կրէ Սան Ճիրոլամոյի անունը։

Սրբազան Քահանայապետը «St. Joseph Seminary» կը ժամանէ տեղւոյն ժամանակով կէսօրուայ շուրջ ուր վերջ կը գտնէ օրուան պաշտօնական օրակարգը, Քահանայապետին ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հանգստեան առիթ տալու նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2022, 19:44