MAP

Քանտա, Էտմոնթի եկեղեցին։ Քանտա, Էտմոնթի եկեղեցին։ 

Քանատայի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալները ու կառոյցները թիւերով

Ի տես ֆրանչիսկոս Պապ Քանատա կատարելիք առաքելական հովուական այցելութեան. Քանատայի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու ու կառոյցներու թիւերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես ֆրանչիսկոս Պապին 24-էն-30 յուլիս, Քանատա կատարելիք առաքելական հովուական այցելութեան կը ներկայացնենք Քանատայի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու ու կառոյցներու թիւերը՝ 2020 տարուան տուեալներու հիման վրայ։

Քանատայի 38 կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը կը հաշուէ 16 միլիոն 858 հազար ու կաթողիկէ եկեղեցին բաժնուած է 71 եկեղեցական մարզերով, որոնց մէջ կը գործեն 881 ժողովրդապետութիւններ եւ 557 հովուական ծառայութեան կեդրոններ։

Քանատայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կը ծառայեն 134 եպիսկոպոսներ, 4118 թեմական քահանաներ, 2105 կրօնաւորներ, 1217 մնայուն սարկաւագներ, 1032 ոչ քահանայ կրօնաւորներ, 9620 կրօնաւորուհիներ, աշխարական հաստատութիւններու 313 անդամներ, 99 աշխարական միսիոնարներ եւ 18 761 կրօնուսոյցներ։

Մինչ բարեսիրական եւ առողջապահական գետնի վրայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գործեն 64 հիւանդանոցներ, 140 ծերանոցներ, 54 որբանոցներ ու մանկամսուրներ, 30 կրթական կեդրոններ եւ այլ 72 կառոյցներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2022, 08:00