Տօն Սուրբ Ռոպերթօ Պելլարմինոյի` Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր` 17 սեպտեմբերին Լատին Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Ռոպերթօ Պելլարմինոյի տօնը, եւ անուանակոչութեան տօնն է նաեւ նորընտիր Քահանայապետ` Լեւոն ԺԴ.-ի, Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի, որ մի քանի օրեր առաջ տօնեց նաեւ իր ծննդեան եօթանասուներորդ տարեդարձը` 14 սեպտեմբերին։
Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ
Սուրբ Ռոպերթօ Պելլարմինոն ծնած է 1542-ի 4 հոկտեմբերին, Իտալիոյ Մոթեփուլչանօ քաղաքին մէջ ու յաճախած է տեղի դպրոցը, որ բացուած էր Յիսուսեաններու կողմէ, ապա յաղթահարելով հօր դիմադրութիւնը, 21 սեպտեմբեր 1560 թուականին կը միանայ Յիսուսեան Միաբանութեան։
Ան իր ուսմունքը կատարած է Հռոմէական Վարժարանի մէջ, ուր եղած է նախ ուսանող, ապա փրոֆեսոր և քարոզիչ։ Ֆիրենցէի եւ Մոնտովիի մէջ դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն, ապա տեղափոխուելով Փատովա սկսած է իր աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնները՝ զանոնք աւարտելով Լովանիոյի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1570-ի մարտ 25-ին։
Հռոմէական Վարժարանի Ռեկտոր
Լովանիոյի մէջ եօթը տարիներ դասաւանդելէն ետքը, 1576-ին կը փոխադրուի Հռոմ եւ 1586-ին կը հրատարակէ իր առաջին գիրքը «Հակասութիւնները». սկսած բողոքականներու կողմէ ժխտուած ճշմարտութիւններէն, ան ներկայացուց անոնց բոլոր աստուածաշնչական և հայրաբանական հիմքերը։
1588-ին առողջական պայմաններու բերումով կ՛որոշէ նուիրուիլ միայն ուսումնասիրութեան ու աշակերտներու Հոգեւոր Հայրութեան եւ 1592 կը դառնայ Հռովմէական Վարժարանի Ռեկտոր։
Կարդինալ
1597-ին Կղէմէս Ը Պապը զայն կը կոչէ Վատիկան7 որպէս իրեն համագործակից։ 3 Մարտ 1599-ին Անոր կը շնորհուի Կարդինալական տիտղոսը բայց ինք Քահանայապետէն կը խնդրէ հրաժարիլ տիտղոսէն բխած բոլոր առանձնաշնորհումներէն։
Քափուա քաղաքի Արքեպիսկոպոս
1602-ի ապրիլի 21-ին կը նշանակուի Քափուա քաղաքի Արքեպիսկոպոս ու ինքզինք կը նուիրէ հովուական ծառայութեան ինչպէս նաեւ կղերի կազմաւորման ու աղքատներու հոգատարութեան։
Կղէմէս Ը մահուամբ 1605-ին քիչ մնաց` որ զինք Քահանայապետ ընտրէին, բայց ինք կը փորձէ հեռացնել իրմէ այդ բեռը եւ կարդինալները կ՛ ընտրեն Պօղոս Ե.ը որ զայն կը կոչ էիր մօտ անոր յանձնելով զանազան ծառայութեան պաշտօններ տարբեր Ժողովներու ներքոյ։ Անոր պարտականութիւններէն մէկը եղաւ նաեւ դիմագրաւել Կալիլէօ Կալիլէյի հարցը։
̸ահը
25 օգոստոս 1621-ին Ան յոգնած կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ երեք օր ետք կը հիւանդանայ, հուսկ մէկ ամսուայ ընթացքին` l7 սեպտեմբերին կը կնքէ իր մահկանացուն, ընդունելէ ետք Քահանայապետին այցելութիւնը։
Ան ծնած էր Սուրբ Ֆրանչիսկոսին օրը ու մեռաւ Ասսիզիի Սուրբին սպիներուն օրը, որուն նկատմամբ ունէր յատուկ ջերմեռանդութիւն։ Անոր սրբադասման դատը բացուեցաւ 1622 թուականին, սակայն միայն 1923-ի ապրիլ 15-ին է որ Ան արժանացաւ խորաններու պատուոյն` հռչակուելով Երանելի, ապա 1930 թուականի յունիս 29-ին՝ սրբադասուեցաւ եւ 1931-ի սեպտեմբերի 17-ին անոր շնորհուեցաւ Եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ