Յոբելեանին մասնակցող Հայ Կաթողիկէ երիտասարդներուն պատարագը Հռոմի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Չիրքօ Մասսիմօ պատմական կրկէսի տարածքին նախատեսուած երիտասարդներու յոբելենական ապաշխարութեան օրուան աւարտին Յոբելենական ուխտագնացութեան մասնակցող Հայ Կաթողիկէ երիտասարդաց խումբը վերոնշեալ ձեռնարկէն ետքը,
կը փոխադրուի Հռոմի Ք. Լեւոնեան Վարժարան ուր տեղի կ՛ունենայ հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ` զոր պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը եւ որուն պիտի մասնակցին Լիբանանէն, Իտալիայէն, Իրաքէն եւ Թուրքիայէն ժամանած հայ կաթողիկէ երիտասարդները իրենց առաջնորդներու ու հոգեւոր վարիչներու ընկերակցութեամբ ինչպէս նաեւ Արժանթինէն ժամանած արժանթինցի ոչ հայ երիտասարդներ, որոնք փափաք արտայայտեցին մասնակից դառնալու հայկական ծէսով Սուրբ պատարագին։
Սուրբ Զոհէն ետքը Լեւոնեան Ք. Վարժարանէն ներս նախատեսուած է գեղարուեստական յայտագիր մը եւ եղբայրական ակաբի բաժնեկցութիւնը։
Նշենք` որ Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ի միջի այլոց Իրաքի Թեմի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ. Յովսէփ Եպիսկոպոս Զապպարեան ու Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերապայծառ Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր Գերյ, Հայր Խաչիկ Թ. Ծ. Վրդ. Գույումճեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Երիտասարդներու յանձնախումբի պատասխանատու Հայր Արամ Աբրահամեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ