MAP

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (32)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

32.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԱԲԵ­ՂԱՅԻ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒ­ՄԸ ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒՐ ՎՐԴ. ԷՐԶ­ՐՈՒՄ­ՑԻԻ ՀԵՏ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այս տհաճ դէպ­քե­րէն ետք Մխի­թար աբե­ղայ կ՚ո­րո­շէ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս եր­թալ հան­դի­պե­լու հա­մար Խա­չա­տուր Վրդ. Էրզ­րում­ցիին, բազ­մահ­մուտ եւ բա­րե­բա­րոյ քա­րո­զի­չին, որ եր­կար տա­րի­ներ Հռո­մի մէջ ու­սա­նած էր, որ­պէս­զի առա­ջար­կէ միասին իրա­կա­նաց­նել ազ­գին լու­սա­ւո­րու­թեան հա­մար բազ­մա­թիւ ու­սեալ քա­րո­զիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու ծրա­գի­րը։

Մ­խի­թար իրեն յա­տուկ հե­ռա­տե­սու­թեամբ եւ խո­հե­մու­թեամբ չա­փած-կշ­ռած էր եւ նպա­տա­կաս­լաց խան­դա­վա­ռու­թեամբ կ՚ու­զէր իրա­գոր­ծուած տես­նել այն երա­զան­քը, որ ան­հրա­ժեշտ մի­ջոցն էր ազ­գին հո­գե­ւոր կեան­քին բարձ­րաց­ման եւ եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան հաս­տատ­ման, այ­սինքն աշա­կերտ­ներ հա­ւա­քե­լու եւ նուի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ու­սու­ցու­մը ապա­հո­վե­լու, որոնք իրենց կար­գին ան­նկուն եւ ան­ձնա­զոհ պի­տի նուի­րուէին հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր վե­րել­քի աշ­խա­տան­քի ծա­ռա­յու­թեան։­

Այս­պէս Մխի­թար կը պատ­րաս­տուի ճամ­բայ ել­լել։ Յով­հան­նէ­սին կը խոս­տա­նայ ըն­դու­նիլ որ­պէս աշա­կերտ երբ իր ծնող­քին հետ հար­ցե­րը լու­ծէր եւ հրա­ժեշտ տա­լով իր բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն կը մեկ­նի Կոս­տանդ­նու­պո­լիս 1697 թուա­կա­նին։

­Խա­չա­տուր Վրդ. Էրզ­րում­ցիի հետ հան­դի­պու­մը սկիզբ կու տայ բա­րե­կա­մու­թեան մը որ եր­կար տա­րի­ներ պի­տի տե­ւէր։ Շատ ան­գամ իրենց կեան­քի ճա­նա­պարհ­նե­րը պի­տի խա­չուին եւ միշտ իրա­րու մա­սին մեծ գնա­հա­տան­քով պի­տի ար­տա­յայ­տուին, իրա­րու նե­ցուկ կանգ­նե­լով։ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ յա­ճա­խա­կի հան­դի­պում­նե­րէ ետք երբ կը մտեր­մա­նան իրա­րու, Մխի­թար կը բա­ցա­յայ­տէ իր ծրա­գի­րը եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ Խա­չա­տուր Վար­դա­պե­տին ստանձ­նե­լու գոր­ծին առաջ­նոր­դու­թիւ­նը՝ զայն միասին իրա­կա­նաց­նե­լու հե­ռան­կա­րով։ Խա­չա­տուր Վար­դա­պետ գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեան հա­մար ան­հրա­ժեշտ կը գտ­նէ գո­նէ հա­րիւր քսակ ոս­կի դա­հե­կան գու­մար մը առ­ձեռն ու­նե­նալ, ինչ որ բնա­կա­նա­բար Մխի­թար աբե­ղայ իր տրա­մադ­րու­թեան չու­նէր։

Մ­խի­թար աբե­ղայի մտ­քին մէջ ան­ջն­ջե­լի կեր­պով տպա­ւո­րուած էր Սե­ւա­նի Տի­րա­մօր տե­սիլ­քը եւ ականջ­նե­րուն մէջ անընդ­հատ կը հն­չէին Աս­տուա­ծա­մօր խօս­քե­րը։ Սիր­տը թունդ ելած կը փա­փա­խէր շա­րու­նակ Երկ­նա­ւոր Մօր կամ­քը օր առաջ կա­տա­րե­լու ցան­կու­թեամբ։ Այս­պէս ան­նկուն վճ­ռա­կա­մու­թեամբ գօ­տեպն­դուած Մխի­թար կը վճ­ռէ հե­տա­մուտ ըլ­լալ իր տես­լա­կա­նը իրա­գոր­ծե­լու։­

Այդ օրե­րուն Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը ժա­մա­նէ իր առա­ջին աշա­կեր­տը՝ Յով­հան­նէս, որ Սե­բաս­տիոյ մէջ հա­մո­զե­լով իր ծնող­նե­րը՝ ամէն ինչ թո­ղած եկած էր Մխի­թա­րի ետե­ւէն։ Յով­հան անու­նով երի­տա­սարդ մըն ալ Մխի­թա­րի քա­րոզ­նե­րը լսե­լով փա­փաք կը յայտ­նէ անոր աշա­կեր­տե­լու, եւ թէեւ նշա­նուած էր եւ շու­տով հարս­նիք պի­տի կա­տա­րէին՝ ամէն բա­նէ հրա­ժա­րե­լով կը նա­խընտ­րէ հե­տե­ւիլ Քրիս­տո­սի։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2025, 08:00