Հաւատքը բեռ մը չէ, այլ ուղի` դէպի ազատութիւն, հասունութիւն եւ իսկական ուրախութիւն. Հայր Արամ Աբրահամեանի հետ հարցազրոյց
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ օրերուն` Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս, Հռոմի մէջ նախատեսուած է Երիտասարդներու Յոբելեանը, որուն պիտի մասնակցին աշխարհի 146 երկիրներէ ժամանած հինգ հարիւր հազար երիտասարդներ, որոնց շարքին են նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդներ։
Այս առնչութեամբ առիթը ունեցանք հանդիպելու եւ զրուցելու Հայր Արամ Աբրահամեանի հետ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Երիտասարդական յանձնախումբի պատասխանատու, որուն ջանքերով ու գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ։
Հայր Արամը անդրադարձաւ Յոբելեանի իմաստի մասին եւ ուխտագնացութեան նախապատրաստական փուլի մասին` ուխտագնացութիւնը որակելով «ներքին ճամբորդութիւն նախքան արտաքին ըլլալը. որով ամէն երիտասարդ իր մէջ կը կրէ անհատական ցաւը, փնտռտուքը եւ դատարկութիւնը, ու զանոնք կը յանձնէ Տիրոջ՝ հազարաւոր հաւատացեալ ընկերներուն հետ միասին, եւ կը պարզուի, որ ինք միայնակ չէ, եւ թէ յոյսը երազ չէ՝ այլ հանդիպում»։
Հայր Արամ խօսեցաւ նաեւ տարբեր յանձնախումբերու ստեղծման մասին որոնց շարքին` «հոգեւոր» «լրատուական»«Social Media» «կազմակերպչական» եւ «երգչախումբի» յանձնախումբեր, այս ծիրէն ներս աւետելով որ երիտասարդներու մասնակցութեամբ ձայնագրուեցաւ նաեւ յոբելեանի օրհներգը՝ հայերէն լեզուով։
Ուխտագնացութեան կը մասնակցին հարիւրէ աւելի 17-էն 35 տարեկան երիտասարդներ, որոնց պիտի միանան Հայաստանէն, Իրաքէն եւ Թուրքիայէն ժամանած երիտասարդներ։ Երիտասարդներուն հետ պիտի մասնակցին նաեւ Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդները։
«Յոբելեանի տարին աստուածային պարգեւ մըն է, որ կը հրաւիրէ երիտասարդը ըլլալու վկայ մը ուրախութեան, առաքեալ մը յոյսին, եւ կառուցող մը այն խաղաղութեան, որ չ՛անհետանար։ Ան առիթ մըն է յայտնաբերելու, որ հաւատքը բեռ մը չէ, այլ՝ ուղի մը դէպի ազատութիւն, հասունութիւն եւ իսկական ուրախութիւն» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Արամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ