MAP

2025.07.25 I Giovani Libanesi partecipanti al Giubileo pregano per il Libano

Յոյսի ուխտաւորներ. Եկէք համախմբուինք և աղօթենք աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած լիբանանցի երիտասարդներուն հետ։

Աղօթքի նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Լիբանանէն ժամանած Յոբելենական ուխտագնացութեան մասնակցող երիտասարդներուն խումբի կողմէ, որ կազմուած է մօտ 600 երիտասարդներէ, որոնց շարքին են նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուայ ծիրէն ներս և Երիտասարդութեան Յոբելեանին առիթով, որ նախատեսուած է 28-էն 3 օգոստոս 2025-ին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ. յատուկ աղօթքի պահ մը` նուիրուած Լիբանանին, ի յիշատակ հինգ տարիներ առաջ 4 օգոստոս 2020ին Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պայթիւնին։

Աղօթքի նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Լիբանանէն ժամանած Յոբելենական ուխտագնացութեան մասնակցող երիտասարդներուն խումբի կողմէ, որ կազմուած է մօտ 600 երիտասարդներէ, որոնց շարքին են նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդները։

Աղօթքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Սուրբ Տասներկու Առաքեալներու անուամբ տաճարին մէջ, Յուլիսի 30-ին, ժամը 16:00-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2025, 08:57