MAP

Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող հայ կաթողիկէ երիտասրադներ (Արխիւ) Լիզպոնի ԵՀՕ մասնակցող հայ կաթողիկէ երիտասրադներ (Արխիւ) 

Հայ Կաթողիկէ երիտասարդներուն մասնակցութիւնը Երիտասարդներու Յոբելեանին

Իրենց Իտալիա կեցութեան ընթացքին Հայ Կաթողիկէ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան այցելելու Սրբուհի Ռիթայի սրբավայր Քաշիա քաղաքը ապա Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզիի սրբավայրը ինչպէս նաեւ աշխարհածանօթ ու գեղեցկագոյն քաղաքներէն մին Վենետիկը, ուր կը գտնուի նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յոյսին նուիրուած յոբելենական տարուան ծիրէն ներս յառաջիկայ 28 Յուլիսէն մինչեւ 3 օգոստոս 2025-ին` Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդներու Յոբելեանը, որուն առիթով նախատեսուած է հազարաւոր երիտասարդներու ժամանումը, որոնց շարքին պիտի ըլլան նաեւ հարիւրէ աւելի Լիբանանէն ու այլ վայրերէն ժամանած Հայ Կաթողիկէ պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հովանիով պիտի ժամանեն Իտալիա մասնակցելով Յոբելենական ձեռնարկներուն ու իրենց համար պատրաստուած յատուկ հանդիպումներու եւ այցելութիւններու։

Արդարեւ անոնց Լիբանանէն ժամանումը նախատեսուած է` Կիրակի 27 Յուլիսին ապա 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը վեցին անոնք աշխարհի այլ երիտասարդներու հետ միասին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի մասնակցին ուխտագնացութեան բարի գալուստի պատարագին։

Յոբելենական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս ապա 30 եւ 31 Յուլիսին առաւօտեան ժամը 10:30 – 18:00 նախատեսուած են «Երկխօսութիւն քաղաքին հետ» վերտառութեամբ հոգեւոր եւ մշակութային ձեռնարկներ։

Մէկ Օգոստոսը նուիրուած է ապաշխարութեան։ Արդարեւ առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի 5-ը «Չիրքօ Մասսիմօ» հին հռոմէական մարզադաշտի տարածքին նախատեսուած է Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը, որուն աւարտին Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդները կը փոխադրուին Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարան, որ այս օրերուն պիտի հանդիսանայ իրենց նստավայրը, մասնակցելու համար Սուրբ եւ անմահ Պատարագին, զոր պիտի մատուցէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Սոյն արարողութեան պիտի միանան նաեւ Պոլիսէն ժամանած հայ եւ այլ համայնքներու երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ Արժանթինցի այլ ուխտաւորներ։ Պատարագի աւարտին Լեւոնեան Ք. Վարժարանին մէջ նախատեսուած է ընթրիք եւ յատուկ գեղարուեստական յայտագիր։

Շաբաթ` 2 օգոստոսին բոլոր երիտասարդները պիտի փոխադրուին Հռոմի «Թոր Վերկաթա» կոչուած շրջանը, ուր կէսօրէն ետքը նախատեսուած են զուարճութեան եւ վկայութիւններու պահեր, ապա երեկոյեան 8,30-էն 9,30, Հսկում` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի մասնակցութեամբ։

Երկրորդ օրը` Կիրակի 3 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 09:30 նոյն վայրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորութեամբ տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդներու Յոբելեանի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։

Իրենց Իտալիա կեցութեան ընթացքին Հայ Կաթողիկէ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան այցելելու Սրբուհի Ռիթայի սրբավայր` Քաշիա քաղաքը ապա Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզիի սրբավայրը ինչպէս նաեւ աշխարհածանօթ ու գեղեցկագոյն քաղաքներէն մին Վենետիկը, ուր կը գտնուի նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2025, 13:05