MAP

2025.07.16 Partecipazione dell'Istituto Patriarcale di Bzommar allla Conferenza internazionale di Studi Armeni

Զմմառու Մատենադարանի մասնակցութիւնը` հայագիտական միջազգային գիտաժողովին⁣

Ընթացքին Զմմառու Մայրավանքի փոխմեծաւորը, ընկերակցութեամբ տիար Միհրան Մինասեանին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ եւ հանդիպում ունեցան կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Էդիտա Գզոյեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Զմմառու միաբան նահատակ՝ երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասման գործընթացին շուրջ տարուած աշխատանքները։

Յուլիսի 9-էն 12 Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ կայացած` Հայագիտական միջազգային կոնգրեսի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 9 յուլիսի, ժամը 10-ին, Մատենադարանի Հրաչեայ Թամրազեան դահլիճին մէջ։

Հայագիտական միջազգային կոնգրեսին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ չորս տասնեակ երկիրներու գիտակրթական առաջատար հաստատութիւններու հեղինակաւոր հայագէտներ եւ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։ Զմմառու Մայրավանքի փոխմեծաւոր, մատենադարանի եւ թանգարանի տնօրէն Գեր. Հ.Նարեկ վրդ. Լուիսեանը եւս մասնակցեցաւ։

Քառօրեայ գիտագործնական աշխատանքներու ընթացքին աշխարհի հեղինակաւոր համալսարաններու եւ հետազօտական կեդրոններու մասնակիցները քննարկեցին միջազգային հայագիտութեան արդի խնդիրները, զարգացման ռազմավարութեան ուղենիշերը, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի համագործակցութեան խթանման եւ միասնական հարթակի ձեւաւորման հարցերը:

Զմմառու Մատենադարանի մասնակցութիւնը` հայագիտական միջազգային գիտաժողովին⁣
Զմմառու Մատենադարանի մասնակցութիւնը` հայագիտական միջազգային գիտաժողովին⁣

Իսկ մատենադարանի մէջ համախմբուած` հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչները՝ 11 յուլիս 2025-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով` Հայագիտական միջազգային գիտաժողովի ծիրին մէջ` հանդիպում ունեցան ՀՀ պետական մարմիններու ղեկավարներուն հետ։ Օրակարգը կ'ընդգրկէր` հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու հետ գործնական կապերու խորացումը, պետական աջակցութեան ուղղութիւններու եւ ձեւաչափերու որոշումը։

Տուեալ հանդիպման` Զմմառու մատենադարանի անունով Նարեկ վրդ.-ը նախ վաւերագրական տեսերիզ մը ցուցադրեց` կապուած Զմմառու Մատենադարանի մէջ անթեղուած ձեռագրերուն, այնուհետեւ ներկայացուց իր զեկոյցը, որ մասնակիցներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց։

**Զմմառու Թանգարան-Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի միջեւ համագործակցութեան առաջարկ**

Ընթացքին Զմմառու Մայրավանքի փոխմեծաւորը, ընկերակցութեամբ տիար Միհրան Մինասեան այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ եւ հանդիպում ունեցան կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Էդիտա Գզոյեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Զմմառու միաբան նահատակ՝ երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասման գործընթացին շուրջ տարուած աշխատանքները։ Այնուհետեւ տնօրէնուհին ցանկութիւն յայտնեց համագործակցութեան ոլորտ մը ստեղծել Զմմառու Մայրավանքի թանգարանին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան ինստիտուտի միջեւ։ Այս առումով, ան անմիջապէս նամակ մը յղեց Զմմառու Պատրիարքական Փոխանորդին կապուած` արխիւային նիւթերու տրամադրման վերաբերեալ, որոնք նոր հորիզոններ կարող են բանալ հայոց ցեղասպանութեան մութ ծալքերը բացայայտելու աշխատանքին մէջ։

Աղբիւրը` Զմմառու Վանք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2025, 07:15