MAP

2025.06.12 Processione in occasione del 110° anniversario del martirio di Sant'Ignazio Maloyan

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր

Նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, եւ կազմակերպութեամբ` Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան, Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուեցաւ հայազգի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով:
Ունկնդրէ լուրը

 

Պարծանք է հայութեան եւ հպարտանք` Զմմառու Միաբանութեան, տեսնել Հայ հոգեւորականի մը սրբութեան հռչակումը, իսկ օրհնութիւն ու աստուածային Նախախնամութիւն է Ընդհանրական եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ` աղօթքով ու թափօրով սուրբին մեծարելու համար համախմբումը: Զմմառու Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը, լոկ Հայ Կաթողիկէ համայնքին սուրբը չէ, այլեւ՝ Հայութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր ազգերուն:
Նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, եւ կազմակերպութեամբ` Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան, Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուեցաւ հայազգի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով:

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան  110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր

Օրուան հոգեպարար արարողութեան եւ թափօրին ներկայ էին` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական թեմին Արհի. Հայր Գրիգոր եպս. Պատիշահ, Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժանապատիւ Տէր Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի ներկայացուցիչ Վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ Հայ Քոյրեր, նախկին նախարար Տիկ. Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ Տիար Յակոբ Այվազեան, հայ վարժարաններու եւ հաստատութիւններու տնօրէններ, կուսակցական, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Պուրճ Համուտի թաղապետեր։ Հոգեւորականներու եւ ժողովրդապետութեանս միութիւններուն կողքին նաեւ մաս կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբը եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտախումբը եւ անոնց վարչութիւններէն ներկայացուցիչներ։
Աղօթքի երեկոն սկիզբ առաւ տեղւոյն ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան խնդրեց իր հօտէն, անդադար Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը խնդրել: Տէրունական աղօթքէն ետք, Զմմառու Մայրավանքի փոխ մեծաւոր Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, եւ Ս. Հաղորդութեան Սրբալոյս Ճաճանչով օրհնեց ներկաները: Ապա ցուցադրուեցաւ Զմմառու Ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան  110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր

Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւոր Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կոչման, քահանայութեան, նահատակութեան եւ սրբութեան կարեւոր հանգրուանները: Գերապայծառ Զահթէրեան ըսաւ. «Մալոյեան Արքեպիսկոպոս` ի տես ընդվզող հօտի սանձազերծմանը` ճիգերու գերագոյն լարումով` փորձեց կանխել խլրտումները, որոնք արիւնահեղութեամբ կրնային աւարտիլ։ Ան թրքական հակամարտութեան բռնկումը մեղմելու միտումով` բանակցութիւններ գոյացուց իշխանութեան հետ եւ որպէս խաղաղարար` թրքական կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ»։ Սակայն այդ մէկը երբեք ուրախութեան առիթ չհանդիսացաւ Արքեպիսկոպոսին, ան քաջատեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան ծրագրին եւ այդ գողգոթայի ճանապարհը ինք եւս իր վառ օրինակին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ քալեց»։ Զմմառու մեծաւորը աւելցուց. «Այս բոլոր նախադրեալները` հայ հոգեւորականը փորձեց զսպել եւ իր հօտը հեռու պահել սպանդէն, սակայն թրքական ծրագրին դէմ ի զուր էր Արքեպիսկոպոսի ջանքերը։ Անոնք ոչ միայն անսացին առաջնորդին միջամտութեանը, այլ` զինք եւս ամբաստանեցին` կայսրութեան դէմ յեղափոխելու մեղադրանքով, որու հետեւանքը եղաւ` Մալոյեանի ողբերգական նահատակութիւնը»։ Գերապայծառը աւարտեց իր պատգամը ըսելով. «Ան իր նահատակութենէն 110 տարիներ ետք` վերընձիւղեց իր այնքան սիրած ժողովուրդն ու փայփայած Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը»։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան  110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր

Շնորհք խնդրելու աղօթքէն ետք, բոլորը միասնաբար թափօրով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերը, վերադառնալով Մեսրոպեան Վարժարան, ուր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերով օրհնութիւն կատարուեցաւ, եւ անոր ձեռաց խաչին ու շուրջառի մասունքի համբոյր տրուեցաւ։ Աւարտին կոկիկ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։

Թափօրը ջահերթով առաջնորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի, Սուրբ Մեսրոպի արիներն ու Հ.Կ.Մ.֊ի երիտասարդականը։ Թափօրի ընթացքին` Զմմառու դպրեվանեցիներն ու Յիսուսի Բարեկամներ միութեան անդամները ծառայեցին, Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի շեփորախումբը ազգային երգերու երաժշտութեան նուագներ ընծայեցին նահատակ հայ սուրբին յիշատակին, իսկ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբը Մեսրոպեան հասնելէ ետք «Բազմաչարչար» նուագեց։
Նշենք, որ Արծիւեան երգչախումբի դերը հմայիչ էր եկեղեցւոյ մէջ` շարականներու մեկնաբանութեամբ։
Աւարտի հիւրասիրութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս Եկեղեցասէր Տիկնանց եւ Բարեսիրական Միութիւնները:
ՑՆԾԱՅ ԵՐԿԻՆՔ, քանզի մեր ազգը համախմբուած` սուրբին բարեխօսութեամբ Քեզի կը դիմէ...

Աղբիւրը` Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան  110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ ամեակին առիթով Գոհաբանական աղօթք եւ հանդիսաւոր Թափօր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 07:59