MAP

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (28)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

28.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԱՆ­ՏԻՈՔԷՆ ՀԱ­ԼԷՊ ԵՒ ՀՈՒՍԿ ՍԵ­ԲԱՍ­ՏԻԱ ԿԸ ՄԵԿ­ՆԻ

Ունկնդրէ լուրը

Մ­խի­թար սար­կա­ւագ Սե­լեւ­կիա կը հաս­նի եւ ցա­մա­քի ճա­նա­պար­հով գիւ­ղէ գիւղ ան­ցնե­լով կ՚ուղ­ղուի Ան­տիոք եւ ապա Հա­լէպ։ Եր­բեմն վար­ձու իշու մը վրայ, եր­բեմն ալ ոտ­քով կը շա­րու­նա­կէ ճամ­բան, չքա­ւո­րու­թեան պատ­ճա­ռով նոյ­նիսկ ու­տե­լի­քը մու­րա­լով։ Տա­կա­ւին դեղ­նախ­տը չէր ան­ցած եւ եր­կու օրը մէկ ջեր­մով կը տա­ռա­պէր։ Այդ ըն­թաց­քին հնա­մաշ հո­ղա­թափն ալ կը պատռ­տի եւ կը ստի­պուի բո­կոտն ճամ­բոր­դել։ Մին­չեւ Հա­լէպ հաս­նի­լը՝ անընդ­հատ փոր­լու­ծու­թեան ալ կը բռ­նուի, բայց տեղ­ւոյն ծա­նօթ­նե­րուն խնամ­քով եւ դե­ղե­րով կը դար­մա­նուի։

­Հա­լէ­պի մէջ կ՚այ­ցե­լէ Յի­սու­սեան կրօ­նա­ւոր­նե­րու տու­նը սա­կայն հոն չի գտ­ներ Հ. Ան­տո­նիոս Բո­վոլ­լիէն, որ հա­ւա­նա­բար ար­դէն Հնդ­կաս­տան մեկ­նած էր։ միւս հայ­րե­րը զինք կը հա­մո­զեն հրա­ժա­րիլ Հռոմ եր­թա­լու երա­զան­քէն եւ վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նի տուն՝ առող­ջու­թիւ­նը վե­րագտ­նե­լու հա­մար։ Այս­պէս, Մխի­թար սար­կա­ւագ կը որո­շէ մեկ­նիլ Սե­բաս­տիա։

­Հա­լէ­պէն կ՚անց­նի Այն­թապ. հոն ու­ղե­ւոր­ներ կը գտ­նէ որ կը պատ­րաս­տուէին Սե­բաս­տիա մեկ­նիլ։ Ան­մի­ջա­պէս գրաստ մը կը վար­ձէ, սա­կայն իշա­պա­նը պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը կը դր­ժէ, գաղտ­նա­բար գրաս­տը տրա­մադ­րե­լով աւե­լի դրամ առա­ջար­կո­ղի մը եւ առա­ւօտ շուտ կը մեկ­նի։ Մխի­թար երբ իր բեռ­նե­րով կը հաս­նի պայ­մա­նա­ւո­րուած վայ­րը՝ ոչ էշ կը գտ­նէ ոչ իշա­պան։ Հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով բո­լո­րո­վին հիւ­ծած ըլ­լա­լով, Մխի­թար չէր կր­նար մին­չեւ Սե­բաս­տիա տասն­չորս օր տե­ւող ճամ­բոր­դու­թիւ­նը քա­լե­լով կտ­րել, եւ քա­նի որ աշ­նան վեր­ջին օրերն էին, այս վեր­ջին կա­րա­ւանն էր որ կը մեկ­նէր, իսկ ին­քը, դրամ չու­նե­նա­լով, ձմե­ռը հոն ան­ցը­նել չէր կր­նար։ Ուս­տի կը ստի­պուի աճա­պա­րել՝ հաս­նե­լու հա­մար կա­րա­ւա­նի ետե­ւէն, որ հինգ վեց ժամ հե­ռու գտ­նուող գիւ­ղը իջե­ւա­նած էր, սպա­սե­լու հա­մար բո­լոր ճամ­բորդ­նե­րուն։

Մ­խի­թար, իր բե­ռը շա­լա­կը, հի­ւան­դա­քայլ կ՚ըն­թա­նար, բայց շու­տով ու­ժե­րը կը լքեն զինք եւ Աս­տու­ծոյ ապա­ւի­նե­լով ճամ­բուն եզեր­քը կը պառ­կի։ Այ­լազգ փայ­տա­հատ մը, որ փայ­տը վա­ճա­ռե­լէ ետք քա­ղա­քէն իր գիւ­ղը կը վե­րա­դառ­նար, զինք իր էշե­րէն մէ­կուն վրայ դնե­լով գիւղ կը տա­նի։ Մխի­թար կա­րա­ւա­նին մէջ ծա­նօթ մը գտ­նե­լով իր բե­ռը կը դնէ անոր բեռ­նա­տար գրաս­տին վրայ եւ ինք տաս­ներ­կու օր ոտ­քով կը ճամ­բայ կը կտ­րէ։ Ցե­րե­կուայ յոգ­նու­թիւ­նը գու­մա­րուե­լով իրի­կուան ցուրտ գի­շեր­նե­րը գետ­նին պառ­կե­լուն՝ պատ­ճառ կը դառ­նան որ ջեր­մը կր­կին սաստ­կա­նայ առա­ջուան պէս։­

Ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին եր­կու օրե­րը Մխի­թար գիւ­ղի մը մէջ վար­ձու ձի մը կը գտ­նէ եւ այդ­պէս կը հաս­նի Սե­բաս­տիա։  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 08:00