MAP

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (27)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

27.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԿԸ ՅԱ­ՋՈ­ՂԻ ԼՔԵԼ ԿԻՊ­ՐՈ­ՍԸ

Ունկնդրէ լուրը

­            Վար­դա­վա­ռի տօ­նին ուխ­տա­ւոր­ներ եկած էին Ս. Մա­կա­րի վան­քը իրենց եպիս­կո­պո­սին առաջ­նոր­դու­թեամբ, որ շատ բա­րե­համ­բոյր մարդ էր եւ խղ­ճա­լով Մխի­թար սար­կա­ւա­գի վրայ ոչ միայն ան­ձամբ հա­ցաբ­լիթ կը պատ­րաս­տէ որ ու­տէ, այլ նաեւ կ՚օգ­նէ որ քա­ղաք տե­ղա­փո­խուի հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ խու­ցե­րէն մէ­կուն մէջ իջե­ւա­նե­լու հա­մար։

            ­Հոն Մխի­թար ոմանց օգ­նու­թեամբ Սա­ղա­մի­նա հաս­տա­տուած լա­տին կրօ­նա­ւոր­նե­րու քով կ՚եր­թայ եւ դեղ կը խնդ­րէ։ Բո­լո­րո­վին հիւ­ծած, դալ­կա­հար վի­ճա­կը տես­նե­լով եւ իմա­նա­լով որ չու­նի մէ­կը իրեն խնա­մա­տար, կը հրա­ժա­րին դեղ նշա­նա­կե­լէ՝ անոր մա­հուան պա­տաս­խա­նա­տու չդառ­նա­լու հա­մար, բա­ցա­յայ­տօ­րէն ըսե­լով որ շու­տով կը մեռ­նի։ Թարգ­մա­նը այդ բո­լո­րը հա­ւա­տար­մօ­րէն ամե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ կը յայտ­նէ Մխի­թա­րի, որ ան­խռով կը վե­րա­դառ­նայ իր խու­ցը՝ միայն Աս­տու­ծոյ վրայ ապա­ւի­նած։

            ­Հուսկ հայ մարդ մը դեղ­նախ­տի եւ ջեր­մի հա­մար դեղ մը կու տայ, որ սաս­տիկ փոր­հա­րու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ եւ Մխի­թար բո­լո­րո­վին ու­ժաս­պառ՝ կ՚ո­րո­շէ միս չու­տե­լու իր խոս­տու­մը լու­ծել եւ այս­պէս քիչ մը սնունդ առ­նե­լով կը սկ­սի ապա­քի­նիլ։ Սա­կայն տա­կա­ւին ան­կո­ղին ին­կած էր, երբ Եփե­սո­սի Հայ­րա­պետ­նե­րու տօ­նին օրը, խումբ մը եկե­ղե­ցա­կան­ներ վրայ կը հաս­նին եւ գիտ­նա­լով իր արեւմ­տա­մէտ դիր­քո­րո­շու­մը՝ կը փոր­ձեն պար­տադ­րա­բար եր­գել տալ Լե­ւոն քա­հա­նա­յա­պե­տի նզով­քը։ Մխի­թար հա­մար­ձակ կը խոս­տո­վա­նի որ ին­քը որ­պէս սուրբ կ՚ըն­դու­նէր Լե­ւոն քա­հա­նա­յա­պե­տը, առանց վախ­նա­լու սպառ­նա­լիք­նե­րէն։ Իսկ անոնք իր վճ­ռա­կա­մու­թե­նէն զայ­րա­ցած կ՚ու­զեն ծե­ծել զին­քը բայց չեն հա­մար­ձա­կիր՝ իր ան­զօր ու տկար վի­ճա­կը տես­նե­լով, վախ­նա­լով որ կը մեռ­նի եւ իրենք յան­ցա­պարտ կը դառ­նան։

­            Այս մի­ջա­դէ­պէն ետք Մխի­թար կ՚ո­րո­շէ վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նի տուն, սա­կայն կղ­զիէն մեկ­նե­լու հա­մար պէտք էր վճա­րել կե­ցու­թեան հար­կը եւ մեկ­նե­լու հրա­մա­նա­գիր ստա­նալ։ Անինչ եւ ան­տէր կ՚ա­պա­ւի­նի աս­տուա­ծային նա­խախ­նա­մու­թեան, որ չ՚ու­շա­նար հաս­նիլ օգ­նու­թեան։ Օր մը հար­կա­հա­ւա­քի ծա­ռա­նե­րը քա­ղա­քին հրա­պա­րա­կը զինք տես­նե­լով՝ կը ստու­գեն եւ կ՚ի­մա­նան որ կե­ցու­թաեն հար­կը չէ վճա­րած։ Կը բռ­նեն եւ կը տա­նին զինք հար­կա­հա­ւա­քին, որ իր վի­ճա­կը տես­նե­լով կը գթայ եւ կը հրա­մայէ սուրճ հրամց­նել, որ­պէս­զի քիչ կը կազ­դու­րուի։ Հար­ցու­փորձ ընե­լով կը հասկ­նայ որ ան­տէր մնա­ցած էր կղ­զիին վրայ։ Հայե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կան­չել կու տայ եւ կը պար­տադ­րէ վճա­րել Մխի­թար սար­կա­ւա­գի հար­կը։ Մխի­թար ստա­ցա­գի­րը ձեռ­քը կը դի­մէ եպար­քո­սին՝ Կիպ­րո­սէն մեկ­նե­լու հրա­մա­նը ստա­նա­լու հա­մար։ Հոն ալ յոյն մը գթա­լով իր վրայ, առանց զինք ճանչ­նա­լու, երաշ­խա­ւոր կը կե­նայ թէ փախս­տա­կան կամ աք­սո­րեալ մը չէ, եւ վեր­ջա­պէս Մխի­թար սար­կա­ւագ կը յա­ջո­ղի Դուզ­լայի մէջ նաւ մտ­նել եւ մեկ­նիլ Սե­լեւ­կիա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2025, 07:49