«Միայն սրտով մաքուրները կրնան տեսնել զԱստուած» Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան
Տէր Յիսուս լերան քարոզի ընթացքին, խօսելով երանելիներուն մասին ըսաւ. « Երանի սրտով մաքուրներուն, որովհետեւ անոնք պիտի տեսնեն զԱստուած» (Մտթ. 5:8):
Ներկայ աշխարհը, իր սովորութեան համաձայն, սիրտի մաքրութեան եւ սիրոյ հասկացողութիւն ամբողջովին աղաւաղած է: Երգերով, ուսուցումներով, լրատուական միջոցներով, համացանցով եւ մշակութային այլ արտայայտութիւններով կը խօսի սիրոյ, սրտի եւ խղճի մաքրութեան մասին. սակայն հակառակ անոր տարածած հեղեղանման տեղականութիւններուն , ան շատ հեռու է ըմբռնելու եւ հասկնալու՝ թէ ինչ կը նշանակէ սէր, եւ կամ սրտի եւ խղճի մաքրութիւն: Ըստ աշխարհի հասկացողութեան սէրը զգացում մըն է, որ կրնայ նուաղիլ կամ հրկիզուիլ՝ հիմնուած պարագաներու եւ զգացումներու վրայ: Սակայն եւ այնպէս լաւ գիտենք, թէ զգացումները կրնան խաբուսիկ ըլլալ եւ յաճախ փոխուիլ. ըստ որում սէրը կրնայ ատելութեան փոխուիլ եւ սրտի մաքրութիւնը կրնայ վերածուիլ անձնական հայեցակէտի խնդիր: Այս բոլորին որպէս հետեւանք ընկերութիւն ընդհանրապէս եւ ընտանիքը յատկապէս ահաւոր քայքայումը կ'ապրի, առանց որ աշխարհը ըմբռնէ պատահածին ահաւորութիւնը:
Աստուած ինքն է աղբիւրը կեանքի եւ բոլոր բարիքներու: Ըստ այնմ, ինք է բարոյական սկզբունքները հաստատողը եւ որոշողը: Հետեւաբար չկայ բարոյականութիւն առանց Աստուծոյ: Որպէսզի կարենանք այդ բարոյական սկզբունքները սորվիլ պէտք է, որ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնենք եւ սորվինք իր պատուիրաններն ու օրէնքները: Սակայն կարելի չէ զԱստուած տեսնել եւ կամ հասկնալ իր պատուիրանները, եթէ մաքուր սիրտ չունենանք: Սիրտը, ըստ եկեղեցւոյ հայրերուն (հիմնուելով աստուածաշնչական ուսուցումներուն վրայ), ներքին կեանքի կեդրոնն է. այն վայրն է, ուր մարդը կը հանդիպի Աստուծոյ հետ. բարիի եւ չարի աղբիւր: Հետեւաբար սիրտը որոշումներու կեդրոնն է եւ ճշմարտութեան աղբիւրը: Սիրտը նաեւ այն վայրն է, ուր կը բնակի Աստուծոյ սէրն ու շնորհքը:
Սիրտը կարելի է մաքուր կամ անմաքուր ըլլալ: Սիրտը մաքուր կ'ըլլայ, երբ մենք յարատեւօրէն յարաբերութեան մէջ մնանք Աստուծոյ հետ՝ սուրբ խորհուրդներուն մասնակցելով եւ ողորմած ըլլալով: Ձեռք ձգենք առաքինութիւնները, որոնց գլխաւորներն են խոնարհութիւնն ու սէրը: Մաքուր սիրտը կը ներէ, չար չի մտածեր, միշտ մարդոց մասին դրական կը խորհի, կը սիրէ նոյնիսկ թշնամիները: Իսկ անմաքուր սիրտը այս բոլորին հակառակ կը խորհի եւ կը գործէ եսակեդրոն դիտանկիւնէն, միշտ սրտնեղութիւն պատճառելով անձին եւ ուրիշներուն:
Եսակեդրոն անձը Ս. Հոգին իր սրտին մէջ ընդունելով հանդերձ, զայն կը մխրճէ իր կեանքի տիղմին մէջ, փոխանակ բարձրանալու դէպի աստուածայինը եւ երկնայինը:
Ներկայ մարդը պէտք ունի օրինակի, որպէսզի հետեւի անոր, եւ ոչ թէ ճառերու եւ դասախօսութիւններու: Բարեբախտաբար ունինք սուրբերը, որոնք լոյսի փարոսներ են մեզի եւ մեր կեանքերը լուսաւորող աղբիւրները: Եբրայեցիս գիրքին հեղինակը կ'ըսէ. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք» (Եբր. 12:1): Ի՜նչ օրհնութիւն եւ բախտաւորութիւն է ունենալ սուրբերը մեզի օգնական եւ անոնց կեանքերը որպէս օրինակները: Անոնք հնազանդելով Քրիստոսի պատուիրաններուն ապրեցան այս աշխարհի մէջ ճիշդ մեզի նման եւ միեւնոյն պայմաններուն տակ, սակայն եւ այնպէս յաղթեցին այս աշխարհին, ճիշտ իրենց երկնային վարդապետին նման:
Մէկը կրնայ հարց տալ. «Կարելի՞ է ներկայ անհանդուրժելի պայմաններուն մէջ մնալ հաւատարիմ աստուածային օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն»: Այո՛ կարելի է. բաւարար է հետեւիլ եկեղեցւոյ կենաքին եւ հոն պիտի տեսնենք ամէն օր նոր սուրբի մը սրբադասում մը, որ մեզի կը քաջալերէ յարատեւելու:
Խնդրենք Ս. Հոգիէն, որպէսզի գայ եւ մեր սրտերը մաքրէ: Միայն այն ժամանակ պիտի կարենանք հասկնալ, թէ Աստուած ով է, ինչու ստեղծեց մեզ, եւ ինչ է կեանքի նպատակը: Երբ սրտերը մաքրուին, պիտի կարողանանք գտնել մեր խաղաղութիւնը, որովհետեւ խաղաղութեան իշխանը մեր մէջ պիտի բնակի եւ թագաւորէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ