«Խաղաղութիւն եւ Բարութիւն» հաւաքոյթ եւ ջահերով երթ՝ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 8 յունիսին, Ընկերակցութիւններուն, Նոր համայնքներու եւ Շարժումներուն նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, Հռոմի մէջ տեղի կ՝ունենան երկու ձեռնարկներ՝ «PAX ET BONUM - «Խաղաղութիւն եւ Բարութիւն » հաւաքոյթ եւ Ջահերով երթ խաղաղութեան կոչ ընելու համար։
«Կառուցել խաղաղութիւնը յանուն ընդհանուր բարօրութեան, միջազգային իրաւունքին ուղիին վրայ» նիւթով հաւաքոյթը եւ խաղաղութեան նուիրուած ջահերով երթը՝ երկու ձեռնարկները կազմակերպուած են Իտալիոյ Ացցիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի, Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի միջազգային ֆորումի եւ «Ճուզէփփէ Թոնիոլօ» խաղաղութեան միջազգային իրաւունքով հաստատութեան կողմէ։
Երկու ձեռնարկները ներշնչուած են «Մէկ վայրկեան խաղաղութեան համար» նախաձեռնութենէն, որ տեղի կ՝ունենայ 2014 թուականէն, ի յիշատակ Շիմոն Փերեսի եւ Ապու Մազենի, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին՝ խնդրուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ ներկայութեամբ Բարթողիմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքին։
«Խաղաղութիւն եւ Բարութիւն » հաւաքոյթին խօսք պիտի առնէ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլա եւ ապա տեղի պիտի ունենայ տարբեր զեկոյցներու ներկայացում, «Թոնիոլօ» հաստատութեան գիտական խորհուրդի նախագահ Սանտրօ Քալվանիի համակարգութեամբ, որ պիտի կեդրոնանայ Միջազգային իրաւունքի դերակատարութեան վրայ՝ համաշխարհային քաղաքական ճգնաժամերէն ներս եւ վկայութիւններուն վրայ՝ հակամարտութեան վայրերէն՝ ինչպէս Ուքրանիա, Պուրունտի, Քոլոմպիա եւ Սուրբ Երկիր, վկայութիւններ, որոնք կը պատմեն, խաղաղութեան համար ապրուած ամենօրեայ նուիրուածութեան եւ ներդաշնակութեան
ապրումներ։
Զրահով երթին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հռոմի քաղաքապետ, Ռոպերթօ Կուալթիերին, եւ մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, կարդինալ Ֆապիօ Պաճօ։
Նշենք, թէ ուրբաթ, 6 յունիսին, Հռոմի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի ներկայացուին վերոյիշեալ երկու միջոցառումները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ