MAP

2023.08.15 Consiglio delle Chiese del Medio Oriente  Allegati

Լիբանան․ Ծնունդ առաւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «համամիութենական» հաղորդակայանը

10 Յունիսին, Լիբանանի մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ «MECC», սկսաւ իր նոր՝ «համամիութենական» հեռուստատեսային եւ ռատիոկայանի փորձնական հեռարձակումները։ Քրիստոնէական լրատուամիջոցներու առաջին խնդիրն է «ոյժ տալ սեփական ժողովուրդին վտանգներու եւ անակնկալներու մէջ»՝ օգնելով պահպանել առանձին Եկեղեցիներուն հայող պատմական եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը․ «MECC»ի «Խօսքի Հարթակի» Տնօրէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Համաձայն «Fides» լրատու գործակալութեան հաղորդած տեղեկատուութեան, 10 Յունիսին Լիբանանի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Middle East Council of Churches, MECC) սկսաւ իր նոր՝ «համամիութենական» հեռուստատեսային եւ ռատիոկայանի փորձնական հեռարձակումները։

Այս մետիա նախաձեռնութիւնը ներկայացուեցաւ երկուշաբթի՝ 9 Յունիսին, Պէյրութի մէջ, «MECC»ի Ընդհանուր Քարտուղարութեան գրասենեակի մէջ կայացած Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Քրիստոնէական լրատուամիջոցներու առաջին խնդիրն է «ոյժ տալ սեփական ժողովուրդին վտանգներու եւ անակնկալներու մէջ»՝ օգնելով պահպանել առանձին Եկեղեցիներուն հայող պատմական եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը։

Այս մասին Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց Լրատուամիջոցներու Կառավարիչ, «MECC»ի «Խօսքի Հարթակի» Տնօրէն, Լէա Ատել Մաամարին։

Մինչ, MECC-ի Ընդհանուր Քարտուղար, գիտնական եւ ընկերային գործընթացներու վերլուծաբան Փրոֆեսոր Միշել Ապսը, իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ժամանակակից աշխարհի մէջ տեղեկատուութեան աճպարարութեան եւ սքօղումին, ինչը, ըսաւ ան, կարող է բառիս բուն իմաստով յանցագործութիւն համարուիլ, մինչդեռ ի շահ համընդհանուր բարօրութեան գիտելիքները փոխանցելը եւ տարածելը, ընդհակառակը, «մարդկային, ազգային եւ կրօնական պարտականութիւն են»:

Նշենք թէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը, որ անցեալ տարի բոլորած է իր ստեղծման 50ամեակը, հիմնադրուած է 1974 թուականին Նիկոսիայի մէջ եւ ներկայիս կը գտնուի Պէյրութ։ Նպատակն է՝ նպաստել Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու մերձեցումին՝ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ, եւ խրախուսել դաւանանքային բնոյթի հակամարտութիւններու յաղթահարումը։

«MECC»ին կը յարին շուրջ 30 Եկեղեցիներ եւ եկեղեցական համայնքներ՝ չորս տարբեր «ընտանիքներու» պատկանող՝ կաթողիկէ, ուղղափառ, արեւելեան ուղղափառ եւ աւետարանական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2025, 08:13