Սուրբ Երրորդութեան տօնի եւ Երանելի Մալոյանի սրբադասման թուականի յայտարարութեան նուիրուած գոհաբանական պատարագ
Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Սուրբ Երրորդութեան տօնին առիթով` Կիրակի 15 Յունիս 2025-ին Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը։ Սուրբ Սեղանին շուրջը համախմբուած էին քահանաներու եւ սարկաւագներու կարգը ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդի։
Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը ըսելով.
«Այսօր, կը խորհրդածենք Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին վրայ, Մէկ Աստուած, Երեք Անձերով՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։
Մենք մեր սրտերը կը բարձրացնենք դէպի Հայրը՝ կեանքի եւ սիրոյ աղբիւրը, որ Իր անվերջ ողորմութեամբ մեզ ստեղծեց ոչ թէ մեր արժանիքներուն, այլ Իր անհուն սիրոյ շնորհիւ։
Մենք կը նայենք դէպի Որդին՝ մարմնացած Բանը, որ իջաւ մեր մէջ, ապրեցաւ մեզի հետ, խաչին վրայ բարձրացաւ ի սէր մեր փրկութեան եւ յարութիւն առաւ յաղթութեամբ՝ բանալով փրկութեան դռները բոլորի համար։
Կը շնչենք Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը՝ սրբագործող եւ վերանորոգող կրակը, որ մեզի կը պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը եւ կը սրբէ մեզ մկրտութեամբ ու օծումով։
Այս օրը, մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի զօրացնէ մեր հաւատքը, լեցնէ մեզ Իր իմաստութեամբ եւ շնորհէ ապրիլ միաբանութեամբ՝ սրտով եւ մտքով՝ իբրեւ կենդանի վկաներ Իր Թագաւորութեան։
Անասելի ուրախութեամբ լեցուեցան մեր սրտերը, երբ Հռոմէն եկաւ բերկրալի լուրը. Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց, թէ Սուրբ Նահատակ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեան պիտի սրբադասուի Հոկտեմբեր 19-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեամբ։
Այս մեծ օրհնութեան համար, մենք՝ իբրեւ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ, գոհութիւն եւ փառք կը տանք Տիրոջ՝ պատրաստուելով աղօթքով ու խոնարհութեամբ դիմաւորելու այս պատմական յայտարարութիւնը։
Սուրբ Մալոյեան իր արիւնը թափեց ի սէր հաւատքի։ Ան դարձաւ ճշմարիտ վկայ, որուն բարեխօսութեամբ մենք կը դիմենք առ Տէրը, որպէսզի այցելէ մեր հայրենիքները Իր ողորմութեամբ, լեցնէ զանոնք նոր յոյսով եւ ցրէ անարդարութեան ու բռնութեան ստուերները։
Եկէ՛ք այս օրհնեալ օրը մօտենանք Տիրոջ՝ աղօթքով ու հաւատքով, խնդրելով խաղաղութիւն Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն, դադարում պատերազմներուն, եւ վերածնում մեր կեանքերուն սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ։
Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք մեր Սինոտի Հայրերուն, բոլոր հոգեւորականներուն, վանականներուն, միանձնուհիներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար, որպէսզի արժանանանք այս երկնային օրհնութեան՝ սիրով, հաւատքով եւ սրբութեամբ ապրելու մեր առօրեան՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի վկայութիւն Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ»։
ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Անհուն գոհոնակութեան ու հրճուանքին մէջ, որոնք կը լեցնեն սրտերը աննկարագրելի հոգևոր ապրումներով, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Լիբանանի, Հայաստանի և Սփիւռքի իր զաւակներուն, ինչպէս նաև համընդհանուր Եկեղեցիին կը ղօղանջէ Հայ Եկեղեցիին մէջ սրբութեան ու մարտիրոսութեան ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Ապրիլեան Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին աւետիսը:
Այսօր, 13 Յունիս 2025-ին, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապը սահմանեց, թէ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին տեղի պիտի ունենայ սրբադասումին պաշտօնական արարողութիւնը Վատիկանի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ընթացքին, որուն հաւատացեալներ պիտի մասնակցին աշխարհի չորս կողմերէն:
Այս շրջագիծէն ներս՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը Հռոմի մէջ կը սկսի գործնական ու հոգևոր նախապատրաստութիւններ այս պատմական իրադարձութեան համար։ Գոհաբանական պատարագներ պիտի մատուցուին Հռոմի, Լիբանանի, Մարտինի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր հաւատացեալները պիտի համախմբուին ու պիտի խորհրդածեն ուրախութեամբ եւ աղօթքով Հայոց Ցեղասպանութեան այս Նահատակին կենսուղիին մասին։
Այս սրբադասումը կը մարմնաւորէ հաւատարմութեան ու հաւատքի ճանապարհորդութեան գագաթնակէտը: Կենդանի ու կենդանարար յոյսին նշանն է այն Եկեղեցիին համար, որ տուած է նահատակներ՝ վկայելով Քրիստոսի յարութեան մասին: Միաժամանակ նոր կոչ մըն է իւրաքանչիւր հաւատացեալին համար՝ ընթանալու սրբութեան ճանապարհով աշխարհին մէջ, որ կը փնտռէ ճշմարտութիւնը, լոյսն ու հաստատակամութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ