MAP

2023.01.20 Vangelo 3 domenica tempo ordinario anno A - Gesù – vocazione

Քրիստոսի սէրը կը կանչէ մեզ ծառայութեան. Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Աղօթենք եւ աշխատինք, որպէսզի Աստուած նոր կոչումներ յառաջացնէ եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ՝ « Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ: Աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ հանէ գործելու համար Իր արտին մէջ»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս վեհագոյն ծառայութիւնը քահանայութիւնն է: Շատ յաճախ կը խոստովանինք, թէ կը սիրենք եկեղեցին, բայց եւ այնպէս պէտք եղած նախանձախնդրութիւնը ցոյց չենք տար անոր հանդէպ: Խօսելով քահանայութեան մասին Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան կը գրէ՝ « թէեւ քահանայական պաշտօնը հաստատուած է երկրի վրայ, սակայն եւ այնպէս ան կը համարուի երկնայիններուն հետ: Որովհետեւ ոչ մարդկային զօրութիւն, ոչ հրեշտակային ուժեր եւ ոչ ալ որեւէ այլ զօրութիւն մը հաստատեց այս առաքելութիւնը: Ո՞վ կրնայ համոզել մարդ արարածը նման պաշտօնի մը, որով ան կարենայ համարձակիլ երկնայիններուն հետ կանգնելու եւ 'Կեանք' բաշխելու մարդկութեան» ( Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան՝ Քահանայութեան Մասին):

Քահանայութեան կարգով Աստուած մարդուն տուաւ այնպիսի կոչում մը, որու հաւասարը չկայ երկրի եւ երկնքի մէջ: Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ ոչ ոք կրնար Աստուծոյ բնակած լերան մօտենալ եւ կամ դպչիլ եւ ողջ մնալ: Քահանան սակայն ոչ միայն կը մօտենայ Աստուծոյ բնակարանին, այլեւ համարձակութիւնը ունի Քրիստոս իր մատներով բռնելու եւ զայն հաւատացեալներուն բաշխելու: Առանց քահանայութեան խորհուրդներ չկան. առանց խորհուրդներու եւ յատկապէս Ս. Պատարագի քրիստոնէութիւն չկայ: Այսքան կարեւոր է քահանայութեան դերը:

Ներկայիս սակայն կ'ապրինք կոչումներու տագնապ: Քահանաներու թիւը հետզհետէ կը նուազին աշխարհի մէջ:

Քրիստոնեայ ծնողներ ինչպէս, որ կը մտահոգուին իրենց զաւակներուն դպրոցական եւ կրթական կարիքներով, նմանապէս պէտք է նկատի ունենան քահանայութիւնը՝ որպէս կոչում իրենց զաւակներուն: Ոչ միայն իրենց զաւակներուն համար, այլ նաեւ ընդհանրապէս կոչումներ փնտռելու առաքելութիւնը իրենց ուսերուն վրայ պարտին առնեն: Եկեղեցին ինքն է խորհուրդները հայթայթողը, որոնց միջոցով մարդ արարածը դէպի փրկութիւն կ'առաջնորդուի: Կոչումներու խնդիրը ոչ միայն եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է, այլեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեային, որ կը գիտակցի խորհուրդներու կարեւորութեան:

Յիսուս Իր սիրով կը հրաւիրէ մեզ իրէն ծառայելու, որուն պէտք է ընդառաջենք պատշաճ կերպով :

Հետեւաբար աղօթենք եւ աշխատինք, որպէսզի Աստուած նոր կոչումներ յառաջացնէ եկեղեցւոյ մէջ: Ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ՝ « Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ: Աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ հանէ գործելու համար Իր արտին մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 08:00