MAP

2025.06.09 Floribert - alla Scuola della Pace

15 Յունիսին կաշառակերութեան զոհ Ֆլորիպէր Պուանա Չուին երանելի կը հռչակուի

Յառաջիկայ կիրակի օրը, Հռոմի Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Պազիլիքայէն ներս, Սանթ Էճիտիօ հասարակութեան գործնըկեր Աստուծոյ Ծառայ Քոնկոլացի Ֆլորիպեր Պուանա Չուին, որ 2007 թուականին սպաննուեցաւ արգելք կենալով փողի դիմաց ապականած մեծ քանակութեամբ սնունդի սահմանը անցնելու թոյլտւութեան, պիտի դասուի երանելիներու շարքին։ Սուրբ Պատարագը պիտի նախագահէ Կարդինալ Սեմերարոն՝ Կարդինալ Ամպոնկոյի եւ Քոնկոյի եկեղեցական այլ ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սանդ՛էճիտիօ հասարակութիւնը յայտարարած է, որ 15 Յունիսին, ժամը 17:30ին, Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Քահանայապետական Պազիլիքայէն ներս, տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ Ծառայ Ֆլորիպէր Պուանա Չուիի Երանացման արարողութիւնը, զոր պիտի գլխաւորէ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն: Ծիսակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Կոմայի թեմը, ինչպէս նաեւ Քոնկոյի Եկեղեցւոյ այլ ներկայացուցիչներ, անոնց շարքին՝ Քինշասայի կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկոն:

Հաւատքի վկայութիւն

Ֆլորիպերը ծնած է 1981 թուականի 13 Յունիսին Քիվուի շրջանի կենտրոն Կոմայի մէջ։ Իրաւագիտութիւն ուսանելու տարիներուն կը ճանչնայ Սանդ՛էճիտիօ հասարակութիւնը եւ կը նպատակադրուի հասարակութեան «Խաղաղութեան դպրոցին» միջոցաւ ներգրաւել երիտասարդ քոնկոլացիներուն ուսման ծրագիրներու մէջ։ 2007ի Ապրիլին ան աշխատանքի կ’անցնի Կոմայի մէջ՝ Ռուանտայի հետ սահմանին գտնուող մաքսային ծառայութեան մէջ։ Հազիւ այդ աշխատանքը սկսած կը հրաժարի փողի դիմաց սահմանէն անցնել տալ փճացած սնունդի մեծ քանակութիւն մը, որ կարող էր վտանգել աղքատ բնակչութեան կեանքին: Այդ պատճառաւ, քանի մը ամիս ետք, 2007 թուականի 7 Յուլիսին, կ'առեւանգուի, ապա՝ կը խոշտանգուի եւ կը սպաննուի:

Անոր դիմադրութիւնը չարիքի նկատմամբ, յոյսի եւ յարութեան նշան է Քիվուի տանջուած տարածաշրջանի համար, որ տարիներ շարունակ տառապած է եւ կը տառապի ցաւոտ քաղաքացիական պատերազմէն, բայց նաեւ ցամաքամասի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող բոլոր երիտասարդներու համար:

Սանդ՛էճիտիոն շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս երիտասարդի հաւատքի եւ սրբութեան վկայութեան համար։

Անոր նահատակութիւնը անցեալ Նոյեմբերին ճանչցուեցաւ հանգուցեալ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի կողմէ՝ ճանապարհ բանալով դէպի անոր սրբադասումը

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

2023 թուականի 2 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութիւն կատարած իր այցի ընթացքին Քինշասայի Պենտեկոստէի Նահատակներու Մարզադաշտին մէջ ունեցած իր պատգամին մէջ, Ֆլորիպերի մասին ըսաւ. «Ձեը նման երիտասարդ մը՝ Ֆլորիպեր Պուանա Չուին, ընդամէնը քսանվեց տարեկանին, սպաննուեցաւ Կոմայի մէջ՝ փճացած սննդամթերքի սահմանահատումը չարտօնելու համար, որ կարող էր վնասել մարդկանց առողջութեան։ Ան կարող էր այդ մէկը ընել եւ պիտի չի բացայայտուէր եւ անգամ կարող էր գումար վաստակել։ Բայց որպէս քրիստոնեայ՝ (...) ան ընտրած էր ազնիւ ըլլալ՝ «ոչ» ըսելով կաշառակերութեան կեղտին։ Ասիկա կը նշանակէ մաքուր պահել ձեռքերը, մինչդեռ փողի շրջանառութեամբ զբաղուող ձեռքերը արիւնով կը ներկուին։ Եթէ մարդու մը մէկը ձեզ ծրար կու տայ, կը խոստանայ շահ եւ հարստութիւն, մի՛ իյնաք թակարդը, մի՛ խաբուիք, թոյլ մի՛ տաք, որ չարի ճահիճը կուլ տայ ձեզի։ Թոյլ մի՛ տաք, որ չարը յաղթէ ձեզ, մի՛ հաւատաք փողի մութ դաւադրութիւններուն, որոնք ձեզ կը խեղդեն գիշերը։ Ազնիւ ըլլալը ցերեկը կը փայլի, ատիկա Աստուծոյ լոյսի տարածումն է, ատիկա երանութիւնը ապրիլն է՝ յաղթէ չարին բարիով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2025, 08:00