MAP

2025.06.09 Festa Pentecoste Chiesa Armeno Cattolica di Bagdad

Հոգեգալստեան տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ

Դպրոցական տարեշրջանի փակման առթիւ, Թեմիս Առաջնորդը՝ համայնքի յաջողակ և փայլուն աշակերտներուն յատուկ օրհնութիւն տուաւ և նուէրներ բաշխեց, քանի Ս. Հոգւոյն գլխաւոր պարգեւներէն մին է իմաստութիւնը:

Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, Զատկի յարութեան յիսուներորդ օրը կը կոչուի Պենտեկոստէ, որով կ'եզրափակուի յիսուն օրերու Յինանց շրջանը:

Կիրակի 8 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Պաղտատի Հ. Կ. Արհի. Առաջնորդ Հօր, վարդապետաց և դպրաց դասուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու մասնակցութեան՝ տեղի ունեցաւ Սուրբ և անմահ Պատարագ, Պաղտատի «Տիրամայր Նարեկի» մայր տաճարին մէջ, որու աւարտին՝ Յիսուսի Ս. Սրտին պատկերի օրհնութենէն ետք, դպրոցական տարեշրջանի փակման առթիւ, Թեմիս Առաջնորդը՝ համայնքի յաջողակ և փայլուն աշակերտներուն յատուկ օրհնութիւն տուաւ և նուէրներ բաշխեց, քանի Ս. Հոգւոյն գլխաւոր պարգեւներէն մին է իմաստութիւնը:

Արդարեւ, Հոգեգալստեան տօնը լրումն է տէրունական տօներուն: Քրիստոսի հրաշափառ Յարութենէն յիսուն օր անց՝ հրէական Պենտեկոստէի տօնակատարութեան օրը, Սուրբ Հոգին՝ աստուածային Երրորդութեան երրորդ անձը յայտնուեցաւ աշխարհին:

Թէեւ Հոգեգալստեան տօնը Քրիստոսի անձին չէ նուիրուած, այլ Ս. Հոգիին, սակայն Տէրունական տօն կը նկատուի, որովհետեւ Ս. Հոգին ալ Յիսուսի նման երկրիս վրայ մարդոց յայտնուեցաւ աղաւնիի կամ կրակի ձեւով:

Աստուածաշունչի Հին և Նոր Կտակարաններուն մէջ, Ս. Հոգին կը ներկայանայ որպէս շունչ, քամի, աղաւնի, հրեղէն լեզու եւ ամպ, որոնք կը բնորոշեն ոչ թէ իր էութիւնը, այլ՝ գործունէութիւնը: Իբրեւ կատարեալ Աստուած Ան հաւասար է Հօր և Որդիին. «Յանուն Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ»:

Ս. Հոգին, ըստ էութեան, գլխաւորապէս Զատկի Պարգեւն է: Երբ յարութիւն առած Յիսուս առաջին անգամ կ'երեւի իր աշակերտներուն, Ան կ'ըսէ անոնց. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին։ Եթէ մէկու մը մեղքերը ներէք, անոնց ներուած պիտի ըլլայ» (Յով. 20, 22-23):

Ս. Հոգին յարութիւն առած Տիրոջ առաջին պարգեւն է և առաջին հերթին կը տրուի մեղքերու ներման համար: Քանի որ ներողամտութիւնը բարձրագոյն պարգեւը և մեծագոյն սէրն է:

Մկրտութեան խորհուրդը ըստ Քրիստոսի պատգամին՝ կը կատարուի Ս. Երրորդութեան անունով «Յանուն Հօր և Որդւոյ և Հոգւոյն Սրբոյ» (Մտթ. 28,19):

Մկրտութեան արարողութեան ընթացքին, Ս. Հոգւոյ ներկայութիւնն ու ներգործութիւնը կ'ապահովէ մկրտութեան ջուրին մէջ հեղուող Ս. Միւռոնը: Հայ Եկեղեցին Հոգեգալուստը ութ օր կը տօնէ, ինչպէս Ծննդեան եւ Յարութեան տօները:

Հոգեգալստեան   տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ
Հոգեգալստեան տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2025, 07:11