MAP

2025.06.02 Conclusione mese mariano a Kessab

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

«Մարիամը՝ Լոյսն է Եկեղեցւոյ Արծաթափայլ ճանապարհին»

Զ․ Շաբաթ Յինանց , 31 Մայիս 2025 թուականին. Երկոյեան ժամը 6։00-ին, Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բակէն ներս տեղի ունեցաւ մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան Փակումը։

Մարեմեան այս հոգեպարար օրը՝ Քեսապ գիւղի աւանդութիւններէն մէկն է՝ ուր երեք հայ համայնքները միասնաբար կը հաւաքուին եւ կ’աղօթեն համայն աշխարհի խաղաղութեան ու անդորրութեան համար։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքով սկիզբ առաւ առաջին հանգրուանը ու ապա երրորդ տասնեակէն ետք, Հայ Աւետարանական «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ երգչախումբը հանդէս եկաւ երկու հոգեւոր երգերով։

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։
Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Ներկայ էին Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչը՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը եւ մարեմասէր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցեց՝ Հոգեշնորհ Հայր Եսայի Վրդ․ Էօրտէքեանը։

«Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինի կենցաղին, մաքրամաքուր սրբութեան եւ անբծութեան։

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։
Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

Ան յատկապէս շեշտեց որ ճանչնաք զԱստուած եւ Անոր առաւել եւս մօտենանք իբրեւ հարազատ որդիներ։ Ան աւելցուց ըսելով, որ ապրինք Աստուծոյ կամոքով եւ ոչ մեր կամքին համաձայն։

Հայր սուրբը ցնծալի այս տօնին առիթով շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամին անունը կրողները։

Խօսքի աւարտին, Հայր Սուրբը աղօթեց մեր հայրենիքին Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Աղօթեց Միջին Արեւելքի, Լիբանանի, ծննդավայր Սուրիոյ, եւ Քեսապի շինութեան համար, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իմաստութեամբ եւ շնորհքով լեցնէ, մարդասիրութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ կռանէ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեամբ եւ հողասիրութեամբ թրծէ անոնց սրտերն ու հոգիները»։

Նաեւ իր սրտին խօսքը փոխանցեց՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը․ Ան ըսաւ․ «Սիրելի մարեմասէր եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Օրհնեա՛լ է այս պահը, երբ Մայր Եկեղեցին կը մօտենայ մայիսեան ջերմեռանդութեան սրբազան աւարտին՝ Տիրամօր փառաբանութեամբ լեցուն սրտով։

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։
Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

Այսօր՝ մայիսեան ջերմեռանդութեան փակման պահուն, ճիշդ է թէ վերջ կու գայ մէկ աղօթական շրջանի մը մեր կեանքէն, բայց հոգեւոր սերմը նոր կը սկսի աճիլ մեր սրտերուն մէջ։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ կը յիշեցնէ, որ աստուածային պտուղները՝ համբերութեամբ կու գան, լռութեան մէջ կը հասուննան, եւ աղօթքի մէջ կը ծաղկին։

Ուստի մի՛ մտատանջուէք եթէ երբեմն ձեր աղօթքները լուռ կ’երեւին։ Հաւատացէ՛ք՝ Տիրամայրը կ՚առաջնորդէ զանոնք դէպի Քրիստոսի սիրտը, որովհետեւ Ինքը՝ Աստուծոյ լռութեան խորհրդաւոր արձագանգն է։

Այս օրերուն, երբ աշխարհը կ’ապրի բազմաթիւ տագնապալի խաւարային պահեր, երբ պատերազմներու ձայնը կը ծածկէ խաղաղութեան աղօթքը, եւ երբ մարդ անհատը ինքզինքը կը վերադասէ Արարիչէն բարձր , ահա աղաղակ մը երկինք կը բարձրանայ՝ գոչելով «խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, սէր եւ արդարութիւն» շնորհեցէք համայն մարդկութեանը։

Ո՞ւր պիտի գտնենք խաղաղութիւնը, եթէ ոչ Աստուածամօր մօտ, որ ծնաւ խաղաղութեան Իշխանը ։ Ո՞վ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի ներքին հանդարտութեանը, եթէ ոչ այն Կինը, որ խոնարհութեամբ ընդունեց Աստուծոյ խօսքը ու եղաւ կենդանի Տաճար։

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։
Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

Մարիամի կեանքը խաղաղութեան երգ մըն էր։ Ան հաւատաց, նոյնիսկ երբ չհասկացաւ, Ան լռեց, երբ ուրիշները կը քննադատէին, Ան խոնարհեցաւ, երբ Աստուած ընտրեց զինքը՝ աշխարհի փրկութեան գործակիցը ըլլալու։

Երբ մենք կը հրաւիրենք Տիրամայրը մեր տուներուն մէջ, մեր սրտերուն մէջ, մեր համայնքներուն մէջ, Իր հետ կը բերէ նաեւ խաղաղութիւնը։ Ինչպէս Եղիսաբէթը զգաց այդ գիրկ առնող ուրախութիւնը, այնպէս ալ մենք պիտի զգանք Իր մայրական ներկայութեան բուրմունքը։

Մարիամը մեզ կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը կը սկսի սիրով, խոնարհութեամբ եւ ներողամտութեամբ։

Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։
Մայիսեան աղօթքներու ջերմեռանդութեան փակումը Քեսապի մէջ։

Սիրելիներս, խաղաղութիւնը պիտի չիջնէ երկինքէն, երբ մեր սրտերը գոց են։ Բայց պիտի ծնի այն պահուն, երբ Մարիամին հետ աղօթենք ու ըսենք Իր նման. «Թող ըլլայ ինծի ըստ Քու Խօսքիդ համաձայն»։

Թող Աստուածամայրը միշտ բարեխօսէ մեր ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութեան համար։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ մեր երկնային Մայրը, միշտ միջնորդէ մեզի համար, օրհնէ մեր տուները, պաշտպանէ մեր եկեղեցիները եւ օգնէ մեզ վերագտնելու քաղցրութիւնը՝ աղօթքի ու սրբութեան։ Ամէն»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական թափորը Աստուածամօր արձանով ու ապա օրհնութեան կարգը ջուրի, խունկի եւ մատաղի։ Բոլորին ուխտը եւ վարձքը ի կատար։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2025, 08:00