«Աստուածային Ճշմարտութիւնն ու Սէրը» Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան
Շատեր կը խօսին ճշմարտութեան մասին. եւ ուրիշներ կը յաւակնին (ինքնագնահատում հակառակ իրակութեան)՝ թէ միայն իրենք տէր են ճշմարտութեան: Յիսուսի դատավարութեան ատեն Պիղատոս հարցուց մեր Տիրոջ՝ «ի՞նչ է ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 18:38): Ներկայիս ճշմարտութիւնը այնքան աղաւաղուած է, որ մարդկութիւնը այն եզրակացութեան հասած են, թէ բացարձակ ճշմարտութիւն չկայ: Այս իրական է նաեւ կրօնական իմաստով. երբ յաճախ կը լսենք՝ որ բոլոր կրօնքներ մէկ աստուած կը պաշտեն: Կրօնքի պարագային վտանգը այն է, որ՝ եթէ բոլոր կրօնները նոյն աստուածը կը պաշտեն, ուրեմն անձնական Աստուած մը գոյութիւն չունի. հետեւաբար մարդկութիւնը դատապարտուած է անկումի:
Պիղատոս իր հարցումը հարցնելէ ետք Յիսուսին, չսպասեց Անոր պատասխանին: Աւետարանիչը կը գրէ, թէ Պիղատոս «Ասիկա ըսելով՝ նորէն դուրս ելաւ»: Ներկայիս հակառակ անոր, որ ամբողջ մարկութիւնը ճշմարտութեան անունով կը խօսի, ոչ ոք ճշմարտութիւնը կը փնտռէ: Յիսուս իր անգին արիւնը թափեց, որպէսզի յայտնէ միակ եւ բացարձակ ճշմարտութիւնը, այն ալ՝ թէ «Աստուած մեզ կը սիրէ»: Առաւել եւս Յիսուս ըսաւ՝ « Ես եմ ճշմարտութիւնը» (Յովհ. 14:6): Ան, որ ճշմարտութիւնը կը փնտռէ, Յիսուսի մօտ կու գայ եւ հոն հասկնալու հմար, թէ ինք որքան սիրուած է:
Յիսուսի սէրը բուժիչ յատկութիւն ունի: Ան մարդուն կը վերադարձնէ անոր վիրաւորուած ինքնութիւնը: Կը բժշկէ նաեւ ներքին հիւանդութիւնները՝ կիրքերը: Յիսուսի մօտ մարդը կը սորվի՝ թէ ինք ստեղծուած է Աստուծոյ համար, եւ միայն Աստուծոյ մօտ կը գտնէ իր հանգիստը (Ս. Օգոստինոս): Ինչո՞ւ մարդկութիւնը այնքան եսակեդրոն է ներկայիս եւ կարող չէ սիրելու իր նմանը: Արդեօ՞ք Քրիստոսի սէրէն հեռու ըլլալուն պատճառաւ չէ: Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ատելութիւնն ու եսասիրութիւնը մեզ կը շրջապատէ ամէն կողմէ: Չկայ տեղ մը կամ անձ մը, որու կրնանք դիմել հանգիստ գտնելու համար. եւ այդ պատճառով մարդկութեան ճանչցած միակ ճշմարտութիւնը իր ստեղծած ճշմարտութիւնն է: Պէտք չունինք գիտնականներ ըլլալու, որպէսզի տեսնենք մեր ճշմարտութեամբ ստեղծած իրականութեան հետեւանքները:
Պէտք ունինք վերադառնալու Քրիստոսի սիրոյն, որպէսզի բժշկուինք մեր «ես»էն եւ հպարտութենէն, եւ վերագտնենք մեր աստուածային ինքնութիւնը՝ որ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք: Սիրուած ենք անսահմանօրէն եւ առանց պայմանի: Միայն այդպէս կը գտնենք մեր հանգիստն ու ուրախութիւնը եւ կ'արտորանք զայն մեր նմանին փոխանցելու: Երեւակայենք աշխարհ մը, ուր ամէն մարդ պատրաստ է իր նմանին համար մեռնելու, ըստ Յիսուսի խօսքին, որ կ'ըսէ՝ «աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ» (Յովհ. 15:13): Սէրը իր անձը կի զոհագործէ իր նմանին համար:
Այսպիսով Աստուծոյ արքայութիւնը մեր մէջ առած կ'ըլլանք:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ