«Մարեմեան ամսուայ հրաժեշտ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ահաւասիկ մեր սիրելի Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամիսը իր աւարտին կը հասնի: Մեր բոլոր սրտէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ս. Կոյսին, որ ան միշտ իր զաւակներուն կողքին կը կենայ իր մայրական սիրով եւ բարեխօսական աղօթքներով:
Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն եւ պատիւ է մեզի համար ունենալ մեր Տիրոջ՝ Յիսուսին մօր այցելութիւնը մեզի: Յիսուս իր խաչէն զայն նուիրեց եկեղեցւոյ եւ իրօք այդ օրէն սկսեալ Ս. Կոյսը եղաւ քրիստոնեաներու պաշտպան ու բարեխօսը:
Մայիս ամսուայ այս վերջին օրը, մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցուած մեր շնորհակալութեան աղօթքը կը բարձրացնենք իրէն ըսելով՝
Ո՜վ երկնքի փառքերու մէջ բնակող Մայր, շնորհակալ ենք, որ միշտ կը խոնարհիս, մեզի հետ ըլլալու համար եւ մեզ պաշտպանելու ու առաջնորդելու:
Դուն քու զաւակներդ երբեք մինակ չես ձգեր, այլ քու մայրական սիրոյ աղօթքներով միշտ կը բարեխօսես իրենց համար:
Մեր մարդկային բառերը բաւարար չեն մեր երախտագիտութիւն յայտնելու քեզի: Միայն երկնքի մէջ պիտի կարենանք գիտնալ, որ քու աղօթքներդ մեզ ի՜նչ
փորձանքներ փրկած են եւ ի՜նչ հզօր օրհնութիւններու աղբիւր եղած են:
Սորվեցուր մեզի, որ չձանձրանանք քեզի վարդարան աղօթելէ եւ մեր կեանքերը քեզի նուիրելէ:
Լսէ մեր խնդրանքները, որ դժուարութեան մէջ կը գտնուինք, ու մեզ ազատէ ամէն չարէ ո՜վ փառաւորեալ եւ օրհնեալ Կոյս։
Սորվեցուր մեզի, որ զօրաւոր ըլլանք տկարութեան ժամանակ. սորվեցուր՝որ սիրենք երբ մեր շուրջը ատելութիւն կը տիրէ. սորվեցուր՝որ վստահինք քու
առաջնորդող լոյսին, երբ աշխարհի խաւարը մեզ կը պատէ. սորվեցուր՝որ քեզի աղաղակենք, որովհետեւ դուն ես մեր ապաւէնը. սորվեցուր՝որ ունենաք քու սէրդ
եւ աղօթենք քեզի նման. սորվեցուր, որ մեր բոլոր սրտի խնդրուածներ ամէն օր քեզի բարձրացնենք:
Սորվեցուր, որ միշտ փառաբանեն Հայրը, Որդին Եւ Ս. Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ