ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (26)
26.- ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՀԻՒԱՆԴ Ս. ՄԱԿԱՐԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Մխիթար նախապէս Ս. Մակարի վանքը ժամանած էր Յովնան եպիսկոպոսի ձեռնադրութեան առիթով եւ հոն իր գաղափարները բացայայտած էր։ Այս իսկ պատճառով երբ հիւանդագին կը ստիպուի հրաժարիլ Հռոմ ճամբորդելէ եւ նաւէն իջնելով Կիպրոս կը մնայ եւ որպէս հոգեւորական զինք Ս. Մակարի վանքը կը տանին, հոն, ամէնքը զինք կը լքեն իր ճակատագրին։
Մխիթար սարկաւագ Ս. Մակարի վանքին մէջ դաժան օրեր կ՚ապրի եւ իր հիւանդութիւնը կը դիմագրաւէ անտէրունչ, մենութեան մէջ, միայն Աստուծոյ ապաւինելով։
Իրեն տրուած էր վանականներու բնակարաններուն վրայ կառուցուած խուցերէն մէկը։ Ոչ ներքնակ ունէր ո՛չ վերմակ։ Ունեցած հաստ վերարկուին մէջ փաթթուած գետինը կը պառկէր։ Երբ բարձր ջերմով կը տառապէր, չկար մէկը որ ճաշ կամ ջուր բերէր։ Շատ անգամ նոյնիսկ կը հանդիմանէին թէ ինչո՛ւ ժամերգութեան չի մասնակցիր այգաբացին եւ կամ ճաշի ժամին չի ներկայանար։ Այսպէս, երկու ամիս շարունակ իրեն բաժին կ՚իյնայ միայն աղի ձիթապտուղ եւ կտոր մը հաց։ Թերսնուցման պատճառով՝ հիւանդութիւնը երկար կը տեւէ ու կը տանջէ զինք։
Յունիս ամսուան սարսափելի տաքերն էին։ Ամէն օր առաւօտեան ժամը իննէն մինչեւ երեկոյ անտանելի բարձր ջերմը կը պատէր զինք, անզգայութեան հասցնելու աստիճան։ Այս պատճառով երկու ամսուայ ընթացքին աւելի քան տասն անգամ հետեւեալ արկածախնդրութիւնը կ՚ապրի։
Կէսօրուան արեգակնային տապէն տանջուած, բոլորովին անգիտակից կ՚իջնէր իր խուցին անմիջապէս կից զառիվար ճամբուն վրայ եւ վանքէն դուրս ելլելով՝ պարտէզ կ՚երթար։ Հոն քարանձաւ մը կար, երկու կողմը նստելու տեղով, մամրապատ սունկ-քարէ յատակով, ուրկէ յորդառատ ջուր կը բխէր եւ դէպի դուրս հոսելով քանի մը քայլ հեռու՝ մարդաչափ խոր աւազանի մը մէջ կը լեցուէր՝ եւ կը գործածուէր պարտէզը ջրելու համար։
Մխիթար հագուստները հանելով աւազանին մէջ կը նետուէր եւ ջուրի պաղութենէն ինքնիրեն գալով՝ դուրս կ՚ելլէր աւազանէն, կը հագուէր եւ իր հաստ վերարկուով ծածկուելով՝ այնպէս կը պառկէր խոտին վրայ ու գրեթէ մէկ ժամ կը քնանար, առանց կարեւորութիւն տալու այդտեղ վխտացող օձերուն։ Ապա արեւու տաքէն ստիպուած կը մտնէր քարանձաւը եւ հոն, թաց յատակին կը պառկէր եւ կամ ոտքերը ջուրին մէջ կը կախէր մինչեւ երեկոյ։
Արեւամուտին, երբ օդը քիչ մը զովացած էր արդէն, Մխիթար զառիվեր ճամբով կը վերադառնար իր խուցը։ Այնքան տկար ու անզօր էր որ չորեքթաթ կը բարձրանար եւ քիչ մը շունչ առնելու համար տասներկու անգամ ընթացքը կ՚ընդհատէր, եւ ամէն անգամ առաքեալներէն մէկը օգնութեան կանչելով կը շարունակէր ճամբան։
Սակայն այս բոլոր տառապանքներուն դիմանալով՝ Աստուծոյ նախախնամութեամբ կրցաւ ողջ մնալ եւ կամաց կամաց ապաքինիլ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ