ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (25)
25.- ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ Կ՚ԻՋԵՒԱՆԻ Ս. ՄԱԿԱՐԻ ՎԱՆՔԸ
Ս. Մակար վանքը՝ խստակեաց ճգնաւորական կեանք վարող կրօնաւորներու մենարան մըն էր, ուր խիստ պահեցողութիւնն ու ժամասացութիւնը գլխաւոր տեղը կը գրաւէին։ Օրը մէկ անգամ կը ճաշէին, այդ ալ պահքի կերակուր՝ խաշած ոսպ, բակլայ կամ սիսեռ եւ բանջարեղէն ու ձիթապտուղ։ Ուտելու հացը՝ գարիով խառնուած սեւ հաց էր եւ միայն ջուր կը խմէին։ Առաւօտ շուտ արթննալով Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամասացութիւնները կը կատարէին, բայց այս բոլորով հանդերձ հոգեւոր կեանքի, քաղաքավարութեան եւ ազնիւ վարուելակերպէ շատ հեռու էին։
Վանահայրը՝ հռչակաւոր Չոլախ մականունով վարդապետն էր, որ Մխիթար սարկաւագին հանդիպած էր Էջմիածնի մէջ եւ վերջերս ալ Սեբաստիոյ վանքը, եւ առաջարկած էր բուժել զինքը, հալածելով չար դեւերը որ կը խափանէին տեսողութիւնը։ Մխիթար չէր համաձայնած, վստահ՝ որ դեւերու զոհ չէր... Սակայն Մխիթարի գաղափարները յայտնի էին բոլորին. ան համոզուած էր որ եկեղեցիներու միութիւնը Քրիստոսի հրամայականն է եւ անհրաժեշտ էր գտնել ամէն միջոց վերամիաւորելու համար Քրիստոսի Եկեղեցին, գերազանցելով ամէն խոչընդոտ, հարթելով բոլոր դժուարութիւնները եւ վերացնելով բաժանումի հոգին։ Սիրոյ զօդով եւ սպեղանիով պէտք էր պատել ամէն դարաւոր վէրք եւ հաշտութեան հոգիով փորձել ներթափանցել եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումները եւ փոխադարձ զիջողութեամբ ու համերաշխութեան հոգիով ամրապնդել սեփական եկեղեցին՝ հաւատքի խոր ապրումով, աղօթքի իսկական հոգիով, նուիրումի անկեղծ տրամադրութեամբ եւ Քրիստոսի շուրջ համախմբուելու դիտաւորութեամբ։
Սակայն տուեալ պատմական ժամանակահատուածին կային լատինամէտ եւ ազգայնական շրջանակներ, եւ տակաւ առ տակաւ կը սաստկանային իրարամերժ եւ իրարատեաց դիրքորոշումները։ Դժբախտաբար որոշ հոգեւորականներ սեփական փառքի եւ պատիւի օգտին զոհասեղան կը բարձրացնէին այս խմբակցութիւններու ոգին եւ կիրքերը։ Քրիստոսի սիրոյ պատուիրանը փոխարինուած էր ատելութեամբ, որու պատճառով ալ ազգը պառակտուած էր եւ ծովու ալիքներէն տարուբերուած լաստի մը նման մէկ աջ ու մէկ ձախ զարնուելով միշտ աւելի կը քայքայուէր։ Արեւմուտքի հոգեւորական եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներ ազնուագոյն արժէքներու պատրուակով աւեր կը գործէին։ Պատմական նորանոր ուսումնասիրութիւններ ի յայտ կը բերեն անյաջող միջամտութիւնները օտար գործիչներու, որ շատ անգամ սեփական շահերէն ելլելով կը գործէին առանց հաշուի առնելու հոգեւոր արժէքները եւ կամ իրենց գործերուն ծանր հետեւանքները, ինչպէս հալածանք, բանտարկութիւն, թիապարտութիւն եւ մինչեւ իսկ գլխատում։
Այս պատմական շրջանակին մէջ յայտնուեցաւ Մխիթար եւ ստիպուեցաւ ուսումնասիրել, պրպտել եւ կշռադատել՝ իր դիրքորոշումը ամրապնդելու, փաստացի վկայութիւններով համոզուելու եւ այնպէս իր կարգին քարոզելու համար։ Այս էր նաեւ Հռոմ երթալու եւ հոն ուսանելու իր անհուն փափաքին պատճառը։ Միեւնոյն հարցով մեկնած էր Սեբաստիոյ վանքէն եւ ամէնուր բացայայտօրէն կը քարոզէր իր համոզումները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ