Հաւատքի Վէմը՝ Պետրոս Առաքեալ. Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
«ԶՊետրոս ոչ միայն յուրացութեան գլորմանէն կանգնեաց, այլ եւ գլուխ առաքելոցն եւ հիմն եկեղեցւոյ եւ փակող արքայութեան լինել պատրաստեաց» (Խոսրով Անձեւացի, Մեկնութիւն ժամակարգութեան էջ 73-74, Կ. Պոլիս 1840) :
Իր առաջին հանդիպումին իսկ, Յիսուս Սիմոնի անունը փոխեց Կեփասի, որ կը նշանակէ Պետրոս, այսինքն՝ Վէմ, ժայռ (Յովհաննէս 1, 42):
Շուրջ տարի մը ետք, անունի այս փոփոխութիւնը պաշտօնականացաւ, երբ Աստուածային Վարդապետը անոր ըսաւ. «Դո'ւն ես Վէմը, եւ այդ Վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս...Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները» (Մատթէոս 16, 18):
Յիսուսի խոստումը, թէ Սիմոն պիտի ըլլար հիմնաքարն ու միութեան ակնաղբիւրը քրիստոնեայ նորածին հասարակութեան, իրականացաւ ա'յն պահուն (Յովհաննէս 21, 19) երբ մեր Տէրը գործածելով նոր փոխաբերութիւն մը՝ Սիմոն Պետրոսը &ܴ;Հովիւ&ܴ; անուանեց, որպէսզի Իրեն յաջորդէ իբրեւ գլուխ եւ առաջնորդ քրիստոնեաներու հօտին:
&ܴ;Հովիւ&ܴ; անուանուած Պետրոսին շնորհուեցաւ պաշտօնը «ապահովութիւն եւ ճարակ» հայթայթելու Քրիստոսի ոչխարներուն եւ գառնուկներուն: Այլ խօսքով, Յիսուսի մէկ կարգադրութեամբ, Պետրոս դարձաւ պահակն ու գլուխը Քրիստոսի Եկեղեցւոյ:
Նորածին Եկեղեցւոյ կեանքը նկարագրող «Գործք Առաքելոց»-ի գրեթէ իւրաքանչիւր էջ կը հաստատէ, որ Պետրոսի վերոնշեալ հեղինակութիւնը իբրեւ Առաքելապետ ճանչցուած էր բոլոր Առաքեալներուն եւ առաջին Քրիստոնեաներուն կողմէ:
Արդարեւ,
-Ի'նքն է, որ նախագահեց Յուդան փոխարինող Մատաթիայի ընտրութեան (Անդ 1, 15-26).
-Ի'նքը տուաւ առաջին քրիստոնէական քարոզը Հոգեգալուստէն ետք (Անդ 2,14-40).
-Ի'նքը գործեց առաջին հրաշքը (Անդ 3, 1-11).
-Ի'նքը արտաբերեց դատապարտութիւնը խաբեբայ Անանիայի եւ Սափիրայի (Անդ 5, 1-11).
-Ի'նքը ընդունեց Նորածին Եկեղեցւոյ մէջ առաջին նորադարձ Հեթանոսը (Անդ 11, 1-18).
-Ի'նքը պաշտպանեց Պօղոսին առած դիրքորոշումը՝ Երուսաղէմի Ժողովի ընթացքին (Անդ 15, 6-11):
Նման բացայայտութեան մը յանդիման, ոչ մէկ բանիմաց պատմագէտ կրնայ ուրանալ, որ միւս Առաքեալները եւ առաջին քրիստոնեաները ճանչցած էին Պետրոսը որպէս Եկեղեցւոյ գլուխը եւ Քրիստոսի ներկայացուցիչը:
Պետրոս մեռաւ, բայց Պետրոսի պաշտօնը պիտի տեւէ մինչեւ որ վերջին մարդը երկինք չհասնի:
20-րդ եւ 30-րդ դարերը ա'յնքան կարիք ունին «պաշտպանութեան ու ճարակի՝&ܴ; ո'րքան առաջին դարերը:
Քրիստոսահիմն Եկեղեցւոյ համար, իրերայաջորդ սերունդներուն եւ դարերուն հոլովոյթին՝ Պետրոսի գահին վրայ բազմող եպիսկոպոսը, նովին գործով, կը դառնայ Առաքելապետ, Քահանայապետ եւ Հիմնավէմ:
Իրօք,&Բ;«Որպէս Պետրոս ի վերայ Քրիստոսի շինեաց զանձն՝ իւր վկայութեամբ մահու, նո'յնպէս եւ Եկեղեցի շինեցաւ ի վերայ Պետրոսի հաւատոցն՝ ոչ միայն ի Հռոմ, այլ եւ ընդ ամենայն քաղաքս եւ գէօղս մեծամեծս մինչեւ ցփոքունս» (Եղիշէ Վարդապետի Մատենագրութիւնք էջ 320, Վենետիկ 1859):
Ընթացիկ տարուայ Մայիսի 8-էն ի վեր, Նորընտիր Քահանայապետ մը բազմած է Պետրոս Առաքելապետին Գահին վրայ, Լեւոն ԺԴ. անունով, որուն համար կը բարձրացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած.
« Կեցո' զորդի ծառայի քո,
Որ ի Հռովմայ գահիցն վերապատուեցեր,
Ուր եդին զվէմն հաւատոյ հիման սուրբ եկեղեցւոյ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ