MAP

2025.05.29 Pellegrinaggio Mariano al Convento di Bzommar

Զմմառի Ցաւագին Տիրամօր նուիրուած Ուխտի օր

Ուխտի օրը արտասանուած աղօթքները, ի խորոց սրտէ բխած խօսքեր են՝ ուղղուած Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր: Ան՝ իր հրաշագործի մենաշնորհով ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է յուսալքուած հայուն:

Մայիսի վերջին կիրակին, աւանդութեան համաձայն՝ Զմմառու ուխտի օրն է, որու արմատները կ'երկարի դեռեւս Աստուծոյ Ծառայ՝ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի օրուան:

Ան 1953-ին հռչակեց զայն: Այդ օրուընէ ցայսօր՝ ուխտավայրի վերածուեցաւ հինաւուրց Մայրավանքը: Ուխտի օրը արտասանուած աղօթքները, ի խորոց սրտէ բխած խօսքեր են՝ ուղղուած Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր: Ան՝ իր հրաշագործի մենաշնորհով ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է յուսալքուած հայուն:

Այս տարի եւս, 25 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու Մայրավանքի դարպասէն, Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեանի առաջնորդութեամբ՝ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը՝ Տիրամօր արձանը բարձր պահած՝ վարդարանի ջերմեռանդութեան աղօթքներու մրմունջով՝ ընթացաւ դէպի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոն:

Իսկ Մայրավանքի վեհարանէն՝ հոգեւորականներու շքախումբի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի հանդիսաւոր սուրբ Հաղորդութիւն ստացող երեխաներու մասնակցութեամբ թափօրը, գլխաւորութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեան, Պուրճ Համմուտի ժողովրդապետութեան շեփորախումբի նուագակցութեամբ եւ աղօթքներու շունչով յառաջացաւ ամփիթատրոն, ուր «Խորհուրդ Խորին»-ի երգեցողութեամբ ընթացք առաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը: Առընթերակայութեամբ՝ Վարդան վրդ. Ճալլուֆեանի եւ Կարապետ վրդ. Գլընճեանի: Խորանին սպասաւորեցին դպրեվանեցիները, երգեցողութեամբ՝ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբի, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Նշան Մարաշլեանի:

Մեծաւոր հօր քարոզը՝ երեք հիմնական գաղափարներու շուրջ ծաւալեցաւ, որոնք անմիջականօրէն առընչուած էին միմեանց, ըստ որում՝ Մայր, որ երկրային կեանքին մէջ ծնունդ տուած է մարդուն, եւ որու նկատմամբ կապուածութիւն ունի:

Մայր որ երկնային արքայութեան հասնելու կ'օժանդակէ եւ որուն մայրութեան նկատմամբ անսահման սէր կը տածէ մարդը: Երկնային մօր հանդէպ՝ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած սիրոյ, յարգանքի եւ մեծարանքի արտայայտութիւնները:

Պատարագի աւարտին, Վանքի փոխ մեծաւոր՝ Նարեկ վրդ. Լուիսեան՝ օրհնեց ուխտաւորները, որոնք Տիրամօր զգեստ հագած էին:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք՝ ներկաները ուղղուեցան «Տիրամայր Զմմառու» պուրակը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական տոհմիկ օր՝ ճոխ մթնոլորտի ազդեցութեան տակ ուխտաւորները հոգեկան բաւարարուածութիւն ստանալով՝ հրաժեշտ տուին մայրավանքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2025, 07:02