Մինչ կ'օրհնէր՝ բաժնուեցաւ անոնցմէ երկինք բարձրանալով». - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Օրհնել...Երկինք բարձրանալ...
Սոյն համագրաւ բառերով է, որ Ղուկաս Աւետարանիչ կը նկարագրէ Յարուցեալ Քրիստոսի վերջին հանդիպումը Իր աշակերտներուն հետ, կնքելով այսպէս լրումը Իր երկրաւոր կեանքի առաքելութեան՝ երկինք համբառնալէ առաջ (Հ.Մ.Մ.Տ. Ղուկաս 24, 50):
Քրիստոսի Համբարձման Խորհուրդը տառապող եւ մահամերձ մարդոց համար մխիթարութեան կենարար ու հետագայի տեսլականը կը ներփակէ:
Մեր առօրեային մէջ, յաճախ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կորսնցուցած կը թուին կեանքի եւ ապրելու իմաստը:
Նման մարդիկ յուսալքումի տխուր վիճակ մը կ'ապրին, որովհետեւ այս երկրի վրայ անհորիզոն կեանք մը կը վարեն:
Անտանելի դժուարութիւններու բեռին տակ կքած եւ իրենց հաւատքը անթեղած ու մէկ կողմ թողած՝ ի վիճակի չեն անդենականութեան մտածելու:
Հո'ս է, որ Համբարձման Խորհուրդը կը զգենու Քրիստոսի աւետարանական խօսքերուն լիուլի իմաստը, թէ մենք յաւիտենականութեան համար սահմանուած ենք:
Մեզմէ առաջ Համբառնալով՝ Յիսուսմեզի կը բանայ դռները երկնաւոր այն անվախճան կեանքին, որ պիտի վայելենք փառաւորուած մարմինով ու հոգիով:
Արդէն, Հոգեհանգստեան արարողակարգի ընթացքին կ'երգենք քրիստոնէական հաւատքը արտայայտող սա յուսադրիչ շարականը. «ի վերին երուսաղէմ՝ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ ի դրախտին եդեմական՝ պայծառացեալ արժանապէս»:
Եւ Յիսուս ճիշդ այդ եդեմական դուռը բացաւ, որ փակ էր մնացած Ադամ ու Եւայի անհնազանդութեան մեղքին հետեւանքով:
Քրիստոսի Համբարձումը խորհրդաւոր բնոյթ մը կ'ընդգրկէ, որ մեզ կը հրահրէ աճեցնելու մեր մէջ յոյսի առաքինութիւնը, որդիական աւելի կատարեալ ու անշեղ վստահութիւն ունենալով Աստուծոյ վրայ, որ մեզի պիտի օգնէ մեր կեանքի տառապանքներէն ու ցաւերէն անդին նայելու:
Որքան ալ կեանքը դժնդակ ըլլայ, Համբարձման Խորհուրդը արդի մարդուն կը յիշեցնէ, որ երկինք մտնելու պիտի արժանանան սոսկ անոնք, որ հաւատարիմ մնացած պիտի ըլլան եւ համբերութեան ու զոհողութեան հոգիով ապրած:
Քրիստոսի Համբարձումը մեզ կը խթանէ, նաեւ, օգնութեան հասնելու անոնց, որոնք տակաւին հեռու են Յիսուսը ճանչնալէն, որ Վերջին Ընթրիքի ընթացքին յայտարարած էր Իր աշակերտներուն առջեւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհաննէս 14, 6):
Վերոյիշեալ Խորհուրդը մեզ կը մղէ ուրիշներուն դիմաց վկայելու, թէ այս երկրաւոր ու վաղանցուկ կեանքէն անդին՝ երկնաւոր ու անանց կեանք մը կայ, ուր պիտի վարձատրուինք մեր բարի գործերուն համար կամ պիտի դատապարտուինք մեր չար գործերուն պատճառով (Հ.Մ.Մ.Տ. Յովհաննէս 5, 29):
Նոր Կտակարանին մէջ, «Առաքեալներու Գործեր»-էն կ'իմանանք, թէ Համբարձումէն ետք աշակերտները Երուսաղէմ դարձան եւ Ս. Կոյս Մարիամի հետ՝ Ս. Հոգիին Գալստեան սպասեցին (Հ.Մ.Մ.Տ. Առաքեալներու Գործեր 1, 14):
Մենք եւս, Տիրամօր հանդէպ մեր ծաւալած ջերմեռանդութեամբ կազմ ու պատրաստ ըլլանք այն օրուան երբ Տէրը պիտի գայ, որպէսզի Իմաստուն Կոյսերուն նման՝ զԱյն ընդունինքմեր բարի վարքին վառած լապտերներով, հետը մտնելու համար հարսանեկան առագաստը՝ Երկինքի Արքայութիւնը (Հ.Մ.Մ.Տ. Մատթէոս 25, 1-13):
Առ այդ, մեր սիրտը բարձրացնենք դէպի երկնաւոր Հայրը՝ մեր աչքերը սեւեռելով յաւիտենական հայրենիքին եւ ցանկացած նպատակակէտին:
Յոյսով հզօրացած՝ հաւատարմութեամբ կատարենք մեր պարտականութիւնները այս երկրի վրայ, ջանալով միանգամայն կենաւորել մեր ընտանեկան ու ընկերային շրջանակը՝ Աւետարանի աւիշով եւ Ս. Կոյս Աստուածածինի բարեխօսութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ