MAP

2019.10.06 Madonna di Pompei

Փոմփէի Սրբավայրին մէջ «Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած աւանդական աղերսը»

8 մայիսին, Իտալիոյ հարաւը գտնուող Փոմփէյ քաղաքի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ՝ տենդագին աղերսական աղօթք մը կը բարձրանայ առ Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մայիս ամիսը մեր Երկնաւոր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած ամիս է եւ աւանդութիւն է որ աշխարհի տարբեր քաղաքներու Մարեմեան սրբավայրերուն մէջ, կազմակերպուին յատուկ ուխտագնացութիւններ, ջերմեռանդական աղօթքներ եւ նուիրուածութեան արարքներ։

8 մայիսին, Իտալիոյ հարաւը գտնուող Փոմփէյ քաղաքի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ՝ տենդագին աղերսական աղօթք մը կը բարձրանայ առ Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր։

Տիրամօր նուիրուած սոյն աղերսի արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի 8 մայիսին եւ ապա հոկտեմբերի առաջին կիրակին, որուն առթիւ կ՛ընթերցուի աղօթքը՝ զոր յօրինած է երանելի Պարթոլօ Լոնկոն, որ եղած է նաեւ Փոմփէի Տիրամօր Սրբավայրին հիմնադիրը։

Աղօթքին վերնագիրն է «Սիրոյ արարք առ Սուրբ Կոյս» ու պատասխանն է Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին (Քահանայապետը որ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան տրամադրութեան տակ դրաւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը) «Supremi Apostolatus officio» շրջաբերական թուղթին, հրատարակուած մէկ սեպտեմբեր 1883-ին, որով ան հրաւէր ուղղած է Վարդարանը աղօթելու՝ դիմագրաւելու համար ընկերութեան չարիքները։ Քահանայապետը Վարդարանի աղօթքը նկատած էր վստահելի գործիք ձգտելու համար հասարակութեան և Եկեղեցւոյ հոգևոր բարիքին որ այդ ժամանակ կը դիմագրաւէր «ծանր աղէտներ»։

Երանելի Պարթոլօ Լոնկոն 23 սեպտեմբեր 1883-ին շնորհակալութեան պատասխան նամակ մը յղեց Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին։ Պաթոլօ Լոնկոն է արդարեւ այն անձը որուն կը պարտինք Փոմեէյի Տիրամօր սրբավայրին կառուցումը։ Ան է որ 1875-ին Փոմփէյ կը բերէ Սուրբ Կոյսին նկարը ու

1876 զարկ կու տայ Սրբավայրի կառուցման որ 7 Մայիս 1891 կը նուիրուի Վարդարանի Տիրամօր։ Պարթոլօ Լոնկոն մահացաւ 1926-ին եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1980-ին զայն դասեց Երանելիներու շարքին։

25 Փետրուար 2025-ին հոգելոյս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարած էր անոր սրբադասումի լուրը։

Արդարեւ մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, երբ մէկը Փոմփէյ քաղաքն այցելէր, ուրիշ բան չէր գտներ եթէ ոչ աւերակոյտ մը, մէկ մասով ծածկուած հողով, իսկ մեծ մասը քարերու կոյտեր:

Քիչ մը հեռուն չորս հինգ տուներ կը կազմէին Փոմփէյի հովիտին գիւղը, ուր կը թագաւորէին խեղճութիւնն ու տգիտութիւնը:

Հոս Տոմինիքեան վարդապետ մը, նպատակ ունենալով քաջալերանք ներշնչել պարզ ու աշխատութենէ տառապող հոգիներուն, հնավաճառէ մը գնեց Տիրամօր նկար մը, որ կ’արժէր միայն չորս լիր: Զայն կախեց գիւղին կիսակործան մատուռին մէջ, որպէսզի արծարծէ Վարդարանի Ս. Կոյսին ջերմեռանդութիւն:

Անոր եռանդուն եւ հոգելից խօսքերը պտղաբերեցին բեղուն սերմեր եւ այնքան բարեպաշտութիւն արթնցուցին, որ քիչ ժամանակի մէջ այդ աղքատիկ մատուռին տեղ կարելի եղաւ կառուցել սքանչելի Սրբատեղի մը:

Հազարաւոր ուխտաւորներ Փոմփէյ վազեցին, ոչ այլեւս միայն անոր պատմական աւերակները տեսնելու, այլեւ Վարդարանի Աստուածամօրմէ շնորհքներ խնդրելու համար:

Եւ Փոմփէյի Տիրամօր ջերմեռանդութիւնը տարածուեցաւ ոչ միայն Իտալիոյ, այլ բոլոր աշխարհի վրայ:

Անոր հրաշքները անթիւ են: Փոմփէյի Տիրամօր պատկերները ամենուրէք շնորհքներ կը տեղացնեն եւ ամէն իննօրեայ իր հրաշալի պտուղը կը բերէ:

Այսպէս Փիզայի մէջ հետեւեալ հրաշքը տեսնուեցաւ:

Երկու գիւղացիներ բժշկական քննութեան համար հիւանդանոց տարած էին իրենց մանչուկը, որու սրունքը երեք տեղէ կոտրած էր: Բժիշկը վճռաբար յայտարարած էր. -Պէտք է համոզուիք, որ ձեր զաւակը այլեւս պիտի չկարենայ քալել երբեք:

Սրտերը կոտրած, անոնք մտան Փոմփէյի Աստուածամօր նուիրուած մատրան մը մէջ իրենց հետ տանելով իրենց մանչուկը, յատուկ կառքով մը: Եռանդուն եւ հաւատքով աղօթեցին… Յանկարծ փոքրիկը ոտքի ցատկեց եւ առանց կաղալու քալեց, վազեց իր ծնողներուն գիրկը: Ասոնք սարսափած, սկսան լալ ուրախութենէն ու գոչեցին. -Շնորհակալ ենք Տիրամայր, շնորհակալ ենք: Հիւանդանոցի աւագ բժշկապետը հրաշք յայտարարեց այս անակնկալ բուժումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 09:23