Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (48)
ԽԸ. Հաղորդում
Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Միւռոնօրհնէքի կանոնին Մաշտոց Եղիվարդեցիի խմբագրած ծիսական ժողովածուին մէջ:
Միւռոնօրհնէքի կանոնը կը մտնէ ձեռագիր Մաշտոցներու Կիլիկեան խումբին մէջ, որովհետեւ Մաշտոցի վաղագոյն ընդօրինակութիւններուն մէջ կը բացակայի Միւռօրհնէքի կանոնը: Այս կանոնը Վենետիկեան վաղ ձեռագրին մէջ, “Կանոն խորհրդածութեան սուրբ իւղոյն” խորագրով կը հանդիպինք: Նոյնպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչէն մինչեւ Յովհան Մանդակունի Հայրապետի՝ 14 կանոններ պարունակող “Կարգաւորութիւն աւրհնութիւնաբեր ցուցակ”-ի, վաղագոյն Մաշտոցներոուն մէջ:
Աւելի ուշ շրջանի Մաշտոցներուն մէջ, նոյն կանոնն ունի “Մեծի աւուր Հինգշաբաթուն խորհրդածութիւն Սուրբ իւղոյն, զոր մեռոն կոչեն, որ է Հին Զատիկ աւրինականին և ի նորս փոխեցեալ Յիսուսիւ Քրիստոսիւ” խորագիրը: Այլեւ առկայ է Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցիի խմբագրած Մաշտոցին մէջ, ի թիւս այլ կաթողիկոսական կանոններու: Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական այս ժողովածուն գործածութեան մէջ մտած է հաւանաբար վերջինիս Կաթողիկոս ձեռնադրուելէն յետոյ (897 թ.), թէեւ Եղիվարդեցիի կազմած օրինակը մեզի չէ հասած: Մաշտոց Եղիվարդեցիի կազմած մեծադիր օրինակը, որ ի պահ դրուած է Վենետիկ (ձեռագիր թիւ 457), թերեւս մագաղաթեայ երկաթագրով գրուած Մաշտոցներէն հնագոյնն է, որովհետեւ Թ. դարու գործ կը համարուի: Ձեռագրի գրիչը Գէորգ քահանան է, որ հաւանաբար գրած է իրեն համար: Գէորգի ընդօրինակած Մաշտոցը իրօք Թ. դարու է:
Այդ մէկը կը բացատրուի ոչ միայն ժողովածուի եղած հնագոյն կանոններու առկայութեամբ, այլեւ ձեռագիրը հրատարակողի յիշատակարանը զայն կը հաստատէ ձեռագրագիտական մանրամասն նկարագրութեամբ: Այս Մաշտոցին մէջ կան 45 կանոններ: Առաջին կանոնը Յովհան Մանդակունիի՝ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի կանոնն է, ապա՝ նոր դուռ, սկիհ, մաղզմա, ժամհար, խաչ, աղի, հատի պատարագի, մկրտութեան, պսակի, թաղման, ապաշխարութեան ու ձեռնադրութիւններու կանոններ են: Մեռոն օրհնէքի կանոնը ի թիւս այս հնագոյն կանոններուն առկայ է որպէս՝ «Կանոն խորհրդածութեան Սուրբ իւղոյն» (Միւռոն աւրհնել) խորագրով: Յովհան Օձնեցի կաթողիկոսը (Ը. դ.) իր “Վասն սուրբ միւռոնին” կանոնով մեռոնօրհնէքը զուտ հայրապետին վերապահուած կանոն ամրագրած է և արգիլած է եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն Մեռոն օրհնել՝ «մի՛ ինքեամբ յանդգնեսցի աւրհնել»: Հայրապետական այս որոշումին վրայ կարգ մը գրիչներ խուսափած են զայն ընդօրինակելէ, սակայն միայն կանոնի խորագիրը յիշած են. «Բայց մեք ոչ իշխեմք գրել, զի մի անհնազանդ գտանիցեմք Սուրբ Լուսաւորչի Աթոռոյն և մեծի հայրապետին մերոյ»: Մաշտոցի 45 քահանայական ու եպիսկոպոսական կանոններն, անշուշտ, մաս կազմած են Մաշտոց Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի խմբագրած ծիսական ժողովածուին, սակայն Գէորգ գրիչը դուրս թողած է միւռոնօրհնեքի կանոնը, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսական ձեռնադրութեան կանոնները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ