Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին ընտրութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
9 Մայիս 2025ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին ուղղած նամակով, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան ջերմ բարեմաղթանքներ ուղղեց Անոր՝ ընտրութեան առթիւ․
«Համայն Եկեղեցւոյ եւ ողջ աշխարհին ուղղուած Ձեր խօսքերը կը հնչեն իմ սիրտիս մէջ ղողանջի նման (…)։ Որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ ես կը զգամ Ձեզմէ ճառագող ուրախութիւնն ու վստահութիւնը այնպիսի ուժգնութեամբ, որ միայն Սուրբ Հոգին կարող է ներշնչել» կը գրէ իր սրտաբուխ գիրին մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը՝ «արժէքաւոր նուէր» նկատելով Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. նորընտիր Պապի՝ «խաղաղութեան եւ յոյսի վկայութիւնը» հայ ժողովուրդի, տանջուած Լիբանանի եւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի համար, որ «տառապած է եւ կը շարունակէ տառապիլ անարդարութենէ, անհամաձայնութենէ եւ պատերազմէ»։
«Խոր մխիթարութիւն կը զգամ Ձեր խօսքերուն մէջ, որոնք՝ արմատաւորուած հաւատքի եւ ողորմածութեան ոգիի մէջ, հաշտութեան աղաղակ են նոյնիսկ ցաւէն ու տառապանքէն ամենաշատ վիրաւոր Երկիրներուն մէջ», կը կարդանք վերոնշեալ նամակին մէջ։
Յղում կատարելով, ապա, իր Նախորդի՝ «Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի «Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» կարգախօսին, որ հզօր կերպով կ’ընդգծէր Աւետարանի մէջ արմատաւորուած մարդկային յառաջխաղացման նուիրուածութիւնը», Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կը շեշտէ, որ այդ կարգախօսը «կը կենդանանայ նորացած յոյսի այս պահուն»։
«Խաղաղութիւնը, ինչպէս բազմիցս ընդգծած էք Դուք, Սուրբ Հայր, կը ծնի իրական սէրէն, արդարութենէն, ատելութիւնն ու անկարգութեան ծարաւը զինաթափելու կամքէն, որոնք կը սպառնան ոչնչացնել ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը» կ՛աւելցնէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։
«Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին հոգեւոր կերպով եւ եղբայրաբար կը միանայ Տիեզերական Եկեղեցիին՝ զօրանալով այն վստահութեամբ, որ, Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ, կարող ենք ըլլալ նոր կեանքի գործիքներ», կը շարունակէ ապա Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը եւ նամակը կ’աւարտէ շուտափոյթ հանդիպման յոյսով՝ «որպէսզի առարկայական ժեստերով վկայեմ այն սիրոյ եւ հաղորդութեան մասին, որ կը միաւորէ մեզ Քրիստոսի մէջ»։
Ան ապա մաղթանք կը յայտնէ որ Տէրը Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետին «պարգեւէ առողջութիւն, իմաստութիւն եւ խաղաղութիւն» եւ Անոր «հովուական առաքելութիւնը արդարութեան եւ սիրոյ առատ պտուղներ բերէ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ