Հայր Հայկ Շահինեանի` «Աղ եւ Լոյս» հեռուստակայանի գործադիր տնօրէնի հետ հարցազրոյցը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Վերջերս Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժնի խմբագրութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ զրուցելու Քանատայի մէջ գործող «Աղ եւ լոյս» Կաթողիկէ հեռուստակայանի գործադիր տնօրէն ամուսնացեալ քահանայ Հայր Հայկ Շահինեանի հետ, որ մեզի պատմեց Քանատայի մէջ իր ծխական առաքելութեան մասին ապա վերջերս ստանձնած նոր պաշտօնի մասին` որ է ինչպէս նշեցինք «Աղ եւ Լոյսի» կաթողիկէ հաստատութեան տնօրինի պաշտօնը։
Արդարեւ Հայր Հայկը Հռոմ կը գտնուէր իր անձնակազմի հետ միասին հետեւելու համար պապընտիր ժողովի իրադարձութիւններուն ու նորընտիր Քահանայապետ` Լեւոն ԺԴ.-ի գահակալութեան արարողութեան։
Հայր Հայկը ներկայացուց նաեւ «Աղ եւ Լոյս» կայանի պատմական տուեալները ու անոր առջեւ կայացած այսօրուայ մարտահրաւէրները.
Ունկնդրենք Հայր Շահինեանի հետ մեր ունեցած հարցազրոյցը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ