MAP

 Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը  Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին հետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին հետ 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ - Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի հանդիպում

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը, որուն հետ կապ հաստատեց Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի խմբագրութիւնը շատ դրական համարեց ըլլայ այս վերջին ըլլայ անցեալ օրերուն Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումները, զանոնք որակելով «արտացոլում Սուրբ Աթոռին եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին միջեւ հոգեւոր խոր հաղորդութեան և համատեղ նուիրուածութեան», մաղթանք յայտնելով որ այս կապերը միշտ աւելիով ամրապնդուին ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., որ այս օրերուն Հռոմ կը գտնուէր եւ որ անցեալ շաբաթ օր առանձնական հանդիպում ունեցած էր Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ, նախ քան Լիբանան մեկնիլը ի շարս այլ կարեւոր հանդիպումներու` չորեքշաբթի 28 Մայիսին հանդիպեցաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին հետ։

Գրեթէ մէկ ու կէս ժամ տեւած Հանդիպումի ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վրատեսուչին հետ քննարկեց զանազան հարցեր` հայող Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առջեւ կայացած մարտահրաւէրներուն, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ մի քանի ամիսներէն Հռոմի մէջ կայանալիք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը, որուն հետ կապ հաստատեց Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի խմբագրութիւնը շատ դրական համարեց ըլլայ այս վերջին ըլլայ անցեալ օրերուն Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումները, զանոնք որակելով «արտացոլում Սուրբ Աթոռին եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին միջեւ հոգեւոր խոր հաղորդութեան և համատեղ նուիրուածութեան», մաղթանք յայտնելով որ այս կապերը միշտ աւելիով ամրապնդուին ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հեռախօսազրոյցի առիթէն օգտուելով ուզեց իր հայրապետեան օրհնութիւնը շնորհել Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքի խմբագրութեան աշխատակազմին, ի տես բաժանմունքի հիմնադրութեան 59-րդ տարեդարձին որ կը յիշատակուի 29 Մայիսին։

Հոգեւոր Տէրը բարի աշխատանք մաղթեց անձնակազմին գնահատելով եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայական առաքելութիւնը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը շարունակուի մատուցուիլ այս հաղորդամիջոցի միջոցաւ, որ տարիներու ընթացքին եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ կամուրջ մը` ընդմէջ Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու հայ եկեղեցիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2025, 10:37