Վերիրական աղօթքով փակեալ մայրապետները հոգեպէս կը միանան Պապընտիր ժողովին մասնակցող ծիրանաւորներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ գտնուող Քլարիսսէ վանքի փակեալ քոյրերը, միջոցառումի մը միջոցաւ «որդեգրեցին աղօթքի մէջ ծիրանաւոր մը»։ Այս միջոցառումով կրօնաւորուհիները, վերիրական աղօթքով հոգեպէս կը միանան Քոնքլաւի մասնակցող կարդինալներուն։ Սոյն միջոցառումը ծնունդ առած է 2013ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեան կարդինալներուն ժողովին առթիւ, երբ որոշուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ կախել կարդինալներու անունը կրող տախտակ մը յանձնարարելով աղօթել իւրաքանչիւրին համար։ Աղօթքի այս միջոցառումը ժամանակի հոլովոյթին դարձաւ վերիրական ծրագիր, հասանելի դառնալով վանքի կայքէջին միջոցաւ։ Ցանցի միջոցաւ իւրքանաչիւր ծիրանաւոր ներկայացուած է իր անունով, կենսագրականով, որպէսզի հաւատացեալները աղօթեն անոնց համար։
Քլարիսսէ վանքի կրօնաւորուհիները կ՝ընդգծեն իգական սեռի աղօթքի կարեւորութիւնը, վերյիշելով Տիրամայրը՝ Եկեղեցւոյ մէջ իգական սեռի ներկայութիւնն ու հաւատքի տիպարը։
Վերիրական աղօթքի սոյն միջոցառումի ցոյց կու տայ թէ վերիրական աղօթքը նաեւ հաղորդութեան եւ աջակցութեան իսկական արարք է եկեղեցւոյ այս կարեւորագոյն ժամանակաշրջանին։
Փակեալ քոյրերու աղօթքի միջոցառումը, որ երկրորդ հրատարակութիւն է կը վկայէ բաժնեցկուած աղօթքի կարեւորութիւնը, որ կը յաղթահարէ ֆիզիքական սահմանները եւ միացնէ համաշխարհային համայնքը, յոյսի եւ հաւատքի ժեսթի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ