Սրբուհի Ռիթայի տօնակատարութիւնը Պաղտատի մէջ
Լատին Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, «Անյոյս դատերու պաշտպան»՝ Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնը կը նշուի Յինանց Ե. Շաբթուան մէջ: Ամէն տարի, ըստ աւանդութեան՝ Պաղտատի Հ. Կ. Համայնքը մեծ շուքով կը կատարէ Սրբուհի Ռիթայի տօնը:
Այսպէս, Հինգշաբթի 22 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, վարդարանի աղօթքէն ետք, նախագահութեամբ՝ Պաղտատի Հ. Կ. Արհի. Առաջնորդ Հօր, վարդապետաց դասուն, և հաւատացեալներու մասնակցութեամբ՝ տեղի ունեցաւ համաքրիստոնէական Սրբուհիին տօնը, Պաղտատի «Տիրամայր Նարեկի» մայր տաճարին մէջ: Աղօթքի վայր եւ շնորհքի աղբիւր հանդիսացող Մայր Տաճարը իր միագմբէթ ոճով՝ դարձած է քաղաքային ճարտարապետութեան յուշարձան: Ան իր բարձր գմբէթով՝ կարծես մեզ կ’օգնէր մեր հայեացքն ուղղելու դէպի Երկինք: Զանգակներու ուրախ ղօղանջումէն ետք, Սուրբ և անմահ Պատարագը տեղի ունեցաւ կարմիր վարդերով լեցուն խորանին վրայ, որ մխացող, քուլայ-քուլայ խունկերով ծածկուած էր: Աւարտին՝ Սրբուհի Ռիթայի սրբապատկերը թափօրով շրջան կատարեց եկեղեցւոյ մէջ, մինչ դպրաց դասը կ'երգէին անոր նուիրուած մեղեդիներ: Այնուհետեւ, աւանդական վարդերու օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ, որոնք յետոյ բաժնուեցան հաւատացեալներուն:
Այսպէս, Սրբուհի Ռիթայի նկատմամբ ջերմեռանդութիւն տածելով՝ շատերու կեանքը փոխուած է. քանի՜ քանինե՜ր հիւանդութենէ ու մահէ ազատած են անոր միջնորդութեամբ: Քանի՜ քանինե՜ր դարձի եկած են Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ:
Վաղուց ի վեր՝ ան հզօր պաշտպանը հանդիսացած է անօգնական և յուսակտուր հաւատացեալներու: Չէ որ իր ծնողքն ալ երկար ատեն զաւակ չունեցան, սակայն, Աստուած լսեց իր բարեպաշտ մօր աղօթքները, որ գեղեցիկ աղջիկ մը ունեցաւ և զայն Ռիթա կոչեց, ի յիշատակ՝ սրբուհի Մարգրիտայի, որ 275-ին, նահատակուած էր Անտիոքի մէջ: Սրբուհի Ռիթայի կեանքի ամենայատկանշական դէպքը կը համարուի՝ Յիսուսին փուշին հրաշքը, որ աղօթքի պահուն՝ Յիսուսի Փշեսակէն իր ճակատին փուշ մը խոցուած էր:
Այդ օրուընէ Սրբուհի Ռիթան կ'արժանանայ սրբութեան համբաւին և կը դառնայ «Պաշտպան անյոյս դատերու», ինչպէս նաեւ «Անհաւատներու Սրբուհին»:
1628-ին Ուրբանոս Ը. Քահանայապետին կողմէ, Ռիթան Երանելի կը հռչակուի. իսկ անոր Սրբադասումը կը կատարէ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը 24 Մայիս 1900-ին:
Սակայն, քրիստոնէական կեանքին մէջ, հրաշք չի կրնար պատահիլ առա՛նց հաւատքի և բարեպաշտ կեանքի: Հետեւաբար, խնդրենք Սրբուհիէն, որ մեզի ալ տայ այն հաւատքը, որով ինք ապրեցաւ և պայքարեցաւ: Ով արագահաս Սրբուհի, աղօթեա՛ վասն մեր:
Ինչո՞ւ ամէն տարի 22 մայիսին կը տօնենք Սրբուհի Ռիթայի տօնը.
Որովհետեւ այդ օրն է, որ Սրբուհի Ռիթա յաւիտենականութիւն մտաւ` կարեւոր է նաեւ մեր յաւիտենականութեան անցքը:
Ժամանակը մեզ պիտի կլանէ, բայց Աստուծոյ հոգին մեզ կանգուն պիտի պահէ յաւիտեան»: Առ այդ մենք պէտք է սրբուհիէն խնդրենք, որ մեզի ալ տայ այն հաւատքը, որուն միջոցով ինք հաւատաց եւ մինչեւ վերջ պայքարեցաւ:
Ներկայիս ուխտաւորները որոնք կ՝այցելեն Քաշա գիւղը, կրնան տեսնել անոր մարմինը անապական ու անփուտ։ Մինչեւ այսօր ան կը հանգչի ապակիէ դագաղի մը մէջ, կարծես թէ կը ննջէ։ Ան կը կոչուի նաեւ Անհաւատներու Սրբուհին։
Անյոյս Դատերու Փաստաբանուհին Սրբադասուեցաւ 1900ի՝ Մայիս 24ին։
Անոր կենդանութեան ամենահրաշապատում դէպքը եղաւ՝ Յիսուսին փուշին հրաշքը, զոր Յիսուսի Փշեպսակէն անոր ճակատը խոցուած էր մինչ կ՝աղօթէր: Աւելի՛ն, որթատունկին և վարդին հրաշքները տեղի ունեցան ու մահուան օրը՝ ինչպէս նաեւ կաղ մարդուն հրաշքը. Կաղը կ'ըսէ.«Եթէ ոտքերս առողջանային՝ ես Ռիթային դագաղը կը շինէի»: Ան տեղւոյն վրայ կ'առողջանայ ու կը շինէ: Ռիթան իր մահկանացուն կնքեց 22 Մայիս 1457-ին:Հրաշքներու շարանը կը սկսի և ժողովուրդը զինք կը կոչէ. «Անկարելի բաներու սրբուհին» և կամ «Փաստաբան անյոյս դատերու»:Ան կը կոչուի նաեւ «Անհաւատներու Սրբուհին»:
Սրբուհիին ջերմեռանդութիւնը կը տարածուի ամէն կողմ, իսլամներուն մօտ իսկ: Սրբուհիի Ռիթայի մարմինը մնաց անապական: Անկէ ազնիւ բուրմունք մը կը բխի ու կը լեցնէ մենաստանը, մանաւանդ 22 Մայիսին: Ուխտաւորները որոնք կ՝այցելեն Քաշիա գիւղը, կրնան տեսնել անոր մարմինը անապական։ Մինչեւ այսօր ան կը հանգչի ապակիէ դագաղի մը մէջ, կարծես թէ կը ննջէ։
Ռիթան երանելի հռչակուեցաւ 1628-ին Ուրբանոս Ը. Քահանայապետին կողմէ, իսկ անոր սրբադասումը կատարեց Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը 24 Մայիս 1900-ին:
Սրբուհի Ռիթան թէեւ հարազատ զաւակն է Իտալացի ժողովուրդին, որմէ ծնած է, սակայն եւ այնպէս չի պատկանիր միայն ազգի մը: Ան միջազգային պատկանելիութիւն ունի: Ան այսօր բոլոր ժողովուրդներուն համար է: Հակաքրիստոնէական է: Բայց մասնաւորապէս բոլոր անոնց, որոնք կը յարգեն սուրբը եւ կը դիմեն անոր բարեխօսութեան կամ միջամտութեան:
Լիբանանի մէջ ջերմեռանդութիւնը
Լիբանանի մէջ բազմաթիւ են Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրերը, ուր Մայիս 22-ին կամ անոր մօտիկ կիրակին՝ ուխտի կ'երթան բազմաթիւ ուխտաւորներ, հետերնին տանելով վարդեր ու ծաղիկներ, որոնք կ'օրհնուին և տուները կը տարուին հիւանդներու համար: Հաւատացեալներ կան, որոնք այդ տօնի առթիւ կ'ուխտեն ուխտաեղիին խորանը իրենք զարդարեն կարմիր վարդերով: Ուրիշներ յատուկ զգեստներ կը բերեն և օրհնել տալով՝ որոշ ժամանակ մը կը հագուին:
Լիբանանի գողտրիկ գիւղերէն՝ Աշգութի մէկ անկիւնը գտնուող Սրբուհի Ռիթայի ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցած է նոյնպէս հրաշապատում դէպքեր, որոնք պատճառ հանդիսացած են այդ ուխտատեղիի կառուցման:
Ուխտատեղին խնամող ընտանիքի վկայութեան համաձայն՝ յատկապէս մանսուր և քոյրը ժորժէթ Ֆահըտի կը պատմեն թէ 1990-ական թուականէն սրբուհի Ռիթան երեւցած է իրենց թէ երազով և թէ տեսիլքով և խնդրած է որ այդ տնակը իրեն համար սրբավայր ընեն, ըսելով. «Այս տունը ձերը չէ՛, այլ իմն է»: Անոնք տան պարտէզին մէջ սեւ տարազով մայրապետ մը կը տեսնէին, որ յանկարծ կը յայտնուէր տեսիլքի նման և կը շրջագայէր պարտէզին մէջ ու կ'անհետանար: Սոյն տեսիլքը մի քանի անգամ կրկնուելէ ետք՝ քոյր եղբայր կը դիմեն իրենց հարազատ մօրեղբօր, Հայր Շարպէլ Ապի Հապիպին, որ մարոնիթ քահանայ մըն էր և շատ բարեպաշտ էր Սրբուհի Ռիթային. Ի դէպ վարդապետը կը հասկնայ երեւումներուն նպատակը և հետագային կը պարզուի թէ Սրբուհի Ռիթան կը փափաքի հոն իրեն նուիրուած փոքր ուխտատեղի մը կառուցուէր: Այնուհետեւ վարդապետը կը որոշէ Իտալիա ճամբորդել, (ուր սովորութիւն ունէր ստէպ այցելելու և Ս. Ռիթայի մասունքները, սրբապատկերները և օրհնուած վարդեր բերելու): Եւ մինչ քահանան Իտալիա պիտի մեկնէր,ականջին մրմունջ մը կը հասնի որ կ'ըսէ. «Ինչո՞ւ Քաշիա կ'երթաս, ես այստեղ եմ»:
Այսպէս վարդապետը և այդ բարեպաշտ ընտանիքը կը ձեռնարկեն սրբուհիին ուխտատեղին պատրաստելու փոքր տնակին մէջ, որ իրենց տան կողքը կը գտնուէր: Տնակը իսկոյն մատուռի վերածելով՝ Հռոմէն բերուած Սրբուհի Ռիթային խոշոր արձանը այնտեղ կը զետեղեն և վարդապետը մասունք ալ ձեռք կը բերէ Քաշիայէն, և ամէն տարի, Մայիս 22-էն սկսեալ՝ հոն ուխտի կ'երթայ շրջակայ գիւղերու հաւատացեալ ժողովուրդը եւ Սուրբ պատարագի կը մասնակցին,որմէ ետք՝ նշխարահամբոյրը եւ վարդերու օրհնութիւնը կը կատարուի։
Յիշատակութեան արժանի է թէ այս սրբավայրին մէջ, Սրբուհի Ռիթային միջնորդութեամբ բազմաթիւ հրաշքներ տեղի կ'ունենան, քրիստոնեայ և իսլամ հաւատացեալներու, որոնց վկայութիւնը արձանագրուած է տետրի մը մէջ, որ արդէն լեցուած է: Աստուած Ս. Ռիթայի միջոցաւ առողջութիւն պարգեւած է շատ մը հիւանդներու, որոնք հաւատքով իրեն դիմած են նոյնիսկ մահամերձ և անզաւակ կիներուն զաւակ: Սրբուհի Ռիթայի հանդէպ ջերմեռանդութիւն տածելով՝ շատերու կեանքը փոխուած է. քանի՜ քանինե՜ր հիւանդութենէ ու մահէ ազատած են անոր միջնորդութեամբ: Քանի՜ քանինե՜ր ամուսին գտած են կամ զաւակներ ունեցած Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ. Սակայն այս բոլորը ըլլալու համար՝ պայման է մաքուր խղճով ապրիլը և մասամբ մը նմանիլ իրեն: Սրբուհի Ռիթային տօնին առթիւ՝ իրողութիւն մըն է, զոր պէտք է խոստովանինք թէ քրիստոնէական կեանքին մէջ հրաշք չի պատահիր առա՛նց հաւատքի և բարեպաշտ կեանքի:
Յիրաւի, Սրբուհի Ռիթան մինչեւ այսօր երբեմն երբեմն կը շարունակէ այդ պարտէզին մէջ յայտնուիլ և մխիթարել այդ բարեպաշտ ընտանիքի անդամները:
Մեր անհաւատ կոչուած դարուն մէջ, Սրբուհի Ռիթայի հանդէպ վստահութիւնը տարածուած է Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա, Ասիա և Ափրիկէ: Հայերս ալ, ըլլանք Կաթողիկէ, Առաքելական թէ Աւետարանական, վստահութեամբ կը դիմենք այդ զարմանալի սրբուհիին:
Եգիպտոսի մէջ ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլեւ իսլամներն անգամ կը դիմեն Ռիթայի և կ'ընդունին բժշկութիւն կամ որեւէ շնորհք: Արդարեւ Սրբուհի Ռիթայի այցելութեամբ՝ ուխտաւորին յոգնած ու տխուր սրտին մէջ լոյս կը ծագեցնէ և ցուրտէն սարսռացող հոգիներուն մէջ հոտաւէտ վարդեր կը բանայ:
Սրբուհի Ռիթային աղօթքը մեր սիրտը կ'ազատէ տանջող տագնապներէն ու հոգին կը խաղաղեցնէ ալեկոծող վիշտերէն:
Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ