MAP

2025.05.30 Festa dell'Ascensione a Kessab

Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին կը նշէ Համբաձման տօնը

«Համբարձաւ Տէրըն մեր յերկինս, ասելով աշակերտացն նըստարուք ի քաղաքիդ յԵրուսաղէմ միչեւ զգենուցուք զօրութիւն ի բարձանց։ Միաբանեալ սուրբ առաքեալքն, միախորհ եւ միակրօն, միաբան նըստէին ի սուրբ Վերնատունն եւ ակն ունէին գալըստեան սուրբ Հոգւոյն»։ (Շ Ա Ր Ա Կ Ա Ն ԴՁ)

Զ․ Հինգշաբթի Յինանց , 29 Մայիս 2025 թուականին. Համբարձումն Տ․ Մ․ Յիսուսի Քրիստոսի տօնին առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

Սուրբ գրային ընթերցումներէն յետոյ, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Այսօր մենք միասին կը յիշենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի համբարձումը՝ դէպի երկինք։ Համբարձման տօնը միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ հոգեւոր իրականութիւն մըն է, որ պէտք է վերափոխէ մեր միտքն ու սիրտը։

Համբարձումը մեզ կը յիշեցնէ՝ որ այս աշխարհը մեր վերջնական տունը չէ, եւ մեր հայեացքը պէտք է բարձրացնենք՝ դէպի երկինք։ Մենք բոլորս կոչուած ենք՝ երկնքի քաղաքացիութիւնը ունենալու։

Այս տօնը մեզ կը յորդորէ չբաւարարուիլ միայն երկինք նայելով, այլ հաւատքով եւ գործերով շարունակել Քրիստոսի աշակերտ ըլլալու ճանապարհը։

Տիրոջ համբարձումով Եկեղեցին ստացաւ նոր առաքելութիւն մը՝ աշխարհի մէջ կենդանի վկայութիւն ըլլալու Յարուցեալ եւ Համբարձեալ Տիրոջ։

Այսպիսով՝ թող այս տօնը նոր ոգի մը սփռէ մեր մէջ, թող յոյսով եւ վստահութեամբ լեցնէ մեր սրտերը եւ առաջնորդէ մեզ դէպի յաւիտենական կեանք ։

Մարդկային աչքով կարծես թէ մեր Տէրը կը հեռանայ մեզմէ, բայց ճշմարտութիւնը այլ է։ Համբարձումով մենք մեզ կը յանձնենք Քրիստոսի անսահման առաջնորդութեան ու պաշտպանութեան։

Քեսապի  Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին կը նշէ Համբաձման տօնը
Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին կը նշէ Համբաձման տօնը

Համբարձումը նաեւ Եկեղեցւոյ ծնունդի նախերգանքն է։

Մեր Տէրը մեզի կը վստահեցնէ Իր գործը՝ մինչեւ իր վերադառնալը, ըսելով․ «Գացէ՛ք, ուրեմն, եւ բոլոր ազգերը Իմ աշակերտներս դարձուցէ՛ք՝ մկրտելով զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել այն բոլոր պատուիրանները, որ Ես ձեզ տուի։ Եւ ահա Ես ձեզ հետ եմ բոլոր օրերը մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթէոս 28.18-20)։

Այս պատգամը ուղղուած է իւրաքանչիւր հաւատացեալին՝ ոչ միայն քահանաներուն կամ քարոզիչներուն։ Մեր ամբողջ կեանքով պէտք է վկայենք Քրիստոսը՝ գործերով, խօսքով եւ սիրով։

Համբարձման տօնը բոլոր տօներուն ու տնօրինական խորհուրդներուն ամբողջացումն է։ Մարդկութեան պատիւը այսօր պայծառ է ու հրաշալի, որովհետեւ Տէրը՝ մեր անպատուաբեր բնութիւնը Իր հետ յարութիւն տալով, առաջնորդեց երկինք՝ Իր հետ նստեցնելով ամեն իշխանութենէն վեր (Եփեսացիներ 1.20)։

Թէեւ Համբարձմամբ՝ մեր Տէրը մարմնով բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն Հոգիով միշտ մեզի հետ է եւ Իր ամենազօր ձեռքերուն տակ կը պահէ բոլոր անոնք, որ կը կատարեն Աստուծոյ կամքը։ Ան խոստացաւ մեզի. «Ես ձեզ հետ եմ բոլոր օրերը մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթ. 28.20)։

Քրիստոս համբարձաւ, որովհետեւ, ինչպէս ըսած էր, «Եթէ Ես չերթամ՝, Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի մօտ» (Յովհաննու 16.7)։

Այսպէսով, Համբարձումը նաեւ նախապատրաստութիւն էր Հոգեգալուստի պարգեւին։

Այս տօնը մեզ կը յիշեցնէ թէ մեր Տէրը յաղթանակած է, եւ մենք հրաւիրուած ենք այդ յաղթանակին մասնակիցը դառնալու։

Երբեմն կեանքին բեռը մեզ կը խոնարհեցնէ, բայց Համբարձումը կը յիշեցնէ մեզ՝ Վեր նայէ՛, Տէրդ բարձրացած է, եւ կ’ընդունի քեզ ալ Իր փառքին մէջ։

Փառք եւ գոհութիւն՝ մեր Համբարձեալ Տիրոջ, որ մեզ հետ է բոլոր օրերուն»։ Ամէն։

Սուրբ պատարագի աւարտին, կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ բակէն ներս։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն՝

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 07:11