Չինաստանի մէջ բացուած են երկու նոր եկեղեցիներ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ նոր Եկեղեցիներու բացումը Չինաստանի կաթողիկէ համայնքներու ցուցաբերած հաստատակամութեան առարկայական նշան է հաւատքի ճանապարհին, որ կը շարունակուի պատմութեան տարբեր հանգամանքներէն ներս: Այս համոզմունքն ունին չինացի եպիսկոպոսները, քահանաները եւ հաւատացեալ աշխարհականները ըստ Fides լրատու գործակալութեան, որ կը յայտնէ թէ՝ 10 Մայիսին Չինաստանի Հուպեյ նահանգի Սիաոկան քաղաքի մէջ Հանգու -Վուհանի Եպիսկոպոս Ֆրանչեսքօ Գուի Ծինչին օծումը կատարեց Քրիստոս Թագաւոր Եկեղեցւոյ։
Քրիստոս Թագաւոր Եկեղեցին Սիաոկանի մէջ
«Նոր Եկեղեցւոյ 33 մեթր բարձրութեամբ զանգակատունը կարծես կ’օգնէ մեզ մեր հայեացքն ուղղել դէպի Երկինքի Արքայութիւն, ինչպէս նաեւ կը յիշեցնէ մեզի չինական մշակոյթի բերրի հողին վրայ քրիստոնէական ամուր արմատներ դնելու հրատապութեան մասին, որպէսզի մեր հաւատքը դրսեւորենք քրիստոնէական կեանքի վկայութեամբ», ըսաւ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ Եպիսկոպոս Գուի Ծինչին Սիաոկան քաղաքի մէջ Քրիստոս Թագաւորին նուիրուած նոր Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր Պատարագին իր քարոզի ժամանակ:
«Աղօթքի վայր եւ շնորհքի աղբիւր»
Սրբազան Ծիսակատարութեան մասնակցեցան 32 քահանաներ՝ տեղի կաթողիկէ համայնքի 1000 աշխարհականներու հետ միասին։ Պատարագին ներկայ էին նաեւ տեղական քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Նոր եկեղեցական համալիրը կը ներառէ առաջնորդարան եւ հովուական գործունէութեան կենտրոն։ Եկեղեցին կը զբաղեցնէ 525 քմ տարածք ու կարող են տեղաւորուիլ աւելի քան 500 հաւատացեալներ։ Եպիսկոպոսին խօսքերով «աղօթքի վայր եւ շնորհքի աղբիւր» հանդիսացող Եկեղեցին, զանգակատան հետ կը դառնայ նաեւ քաղաքային ճարտարապետութեան յղման կէտ:
«Չինաստանի Տիրամայր» նոր տաճարը Կուժայի մէջ
Կրկին Fides-ի հաղորդմամբ, նոր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ․ ընտրութեան ուրախութեամբ պարուրուած, 10 Մայիսին Շանքսի գաւառի Կուժա քաղաքին քրիստոնէական երկար պատմութեամբ համայնքը նոյնպէս ունեցաւ նոր Եկեղեցի․ Թայիուանի Եպիսկոպոս Փաոլօ Մենկ Նինկիուի ձեռամբ օծուեցաւ Չինաստանի Տիրամօր նուիրուած Եկեղեցին:
Եպիսկոպոսը պատմեց փոքր գիւղական համայնքի պատմութիւնը եւ քաջալերեց աշխարհականները, որպէս եկեղեցական համայնքի «շարժիչ ուժ» աւելիով ներգրաւուելու ծխական գործունէութեան կառավարման մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ