«Վստահինք Աստուածմօր՝ մեր պաշտպանին» Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան
Կ'ըսուի, որ ժամանակ մը կար, երբ քրիստոնեաներ իրենց կեանքի ընթացքին միշտ կը յիշէին իրենց մկրտութեան ուխտերը: Քննելով իրենց հաւատքի ընթացքը, անոնք կ'արժանաւորէին իրենց հաւատարմութիւնը Աստուծոյն հանդէպ, ինչպէս նաեւ Անոր եկեղեցիին: Այսպիսով անոնք յարատեւ ապաշխարութեան կեանք մը կ'ապրէին, ինչ որ քրիստոնէութեան կոչումն է: Խորհուրդները մէկ անգամ ընդմիշտ պատած իրականութիւններ չեն, այլ մեր ապրելակերպն են այս կեանքի ընթացքին:
Նոյն սկզբունքէ մեկնած կրնանք ըսել, որ վարդարանը միայն Մայիս ամսուայ յատուկ աղօթք մը չէ, այլ ան պէտք է ըլլայ մեր առօրեային եւ մեր ամբողջ կեանքին անբաժանելի մէկ մասը: Ամենասրբուհի կոյս Մարիամը պէտք է ըլլայ մեր ընտանիքներուն մնայուն անդամը եւ մեր տուներուն մշտատեւ բնակիչը՝ այլեւ Տիրուհին: Հակառակ այն իրականութեան, որ մենք սովորութիւնը ունինք յարգելու եւ պատուելու Ս. Կոյսը, սակայն եւ այնպէս յաճախ լիովին ըմբռնած չենք Անոր իսկական դերն ու տեղը եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն համար: Որովհետեւ եթէ լիովին ըմբռնէինք Մարիամու բարեխօսութեան զօրութիւնը, երբեք պիտի չդադարէինք ամէն պարագաներու մէջ անոր ուղղելէ մեր աղօթքները եւ բնաւ պիտի չի կասեցնէինք մեր խնդրանքը, իր օրհնութիւնը հայցելէ:
Եկէք խորհրդածենք միասին Ամենօրհնեալ Ս. Կոյսի ինքնութեան մասին: Երկնային զօրքերը՝ հրեշտակներու դասերը, որոնք երկիւղած պատկառանքով տեսան իրենց Տէրը, որ կը թողու երկնային փառքը եւ մարին կ'առնէ Իր արարածի միջոցաւ: Օրթոտոքս եկեղեցին իր շարականին մէջ կը նշէ, որ երբ Գաբրիէլ ուզեց իր խօսք ուղղել Մարիամին, շփոթեցաւ. ի վերջոյ ըսաւ՝ «Ո՜վ Շնորհքներով լի»՝ ասինք բոլոր շնորհքներու լիութիւնը ունեցող:
Սրբուհի կոյսը երբ ննջեց, իր պահապան հրեշտակը չէր որ եկաւ իր մօտ, այլ իր որդին՝ Քրիստոսը. եւ զինք մարմնով երկինք փոխադրեց: Մարիամ դէպի կեանք փոխադրուեցաւ, որովհետեւ ինքն էր «Կեանքին Մայրը»: Այսպիսով Ս. Կոյսը եղաւ առջինը, որ փրկութեան լիութիւնը ունեցաւ, որով ան այլեւս պէտք չունի սպասելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստին եւ դատաստանին: Եւ իսկոյն ան կը բազմի իր Որդիին աջ կողմը, բարեխօսելով մարդկութեան համար: Անոր բարեխօսութիւնը նման չէ ոեւէ ուրիշ սուրբի մը բարեխօսութեան: Մենք Ամենօրհնեալ Կոյսէն աւելի մեծ բարեխօս չունինք այս աշխարհի վրայ եւ ոչ ալ երկնայիններուն մէջ:
Յիշենք միասին Լուրտի երեւորները: Չմոռնանք նաեւ Ֆաթիմայի այցելութիւնը: Երկու պարագաներուն ալ բնութիւնը նեցուկ կեցաւ երկնքի եւ երկրի թագուհիին: Հազարաւորներ դարձի եկան. Եւ բազմահազարներ բժշկուեցան: Բազմաթիւ երեւումներով եւ հրաշքներով, Ս. Կոյսը միշտ ներկայ է իր զաւակներուն հետ եւ անոնց կողքին: Մարիամ յատուկ սէր ունի նաեւ կղերականներու հանդէպ. եւ միշտ կը խնդրէ հաւատացեալներէն, որպէսզի աղօթեն անոնց համար: Յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ օր ըստ օրէ աւելի կը դժուարանայ անոնց առաքելութիւնը:
Աստուածամօր շատ մը գերբնական միջամտութիւնները կան: Վեր առնենք դէպք մը, որ քիչեր կը յիշեն եւ կը տօնեն՝ Լեպանտոյի ծովամարտը (7/10/1571): Տիրամայր Վարդարանի տօնը կը յիշատակուի հոկտեմբեր 7-ին: Այս տօնը խորիմաստ եւ հոգեւոր նշանակութիւնը ունի ամբողջ կաթողիկէ աշխարհին: Այս տօնին կը յիշատակենք ամենասրբուհի Կոյսին բարեխօսութեան զօրութիւնը Լեպանտոյի ծովամարտի ժամանակ, որ պատահեցաւ 1571-ին: Այս ծովամարտը պատմական անկիւնդարձային կէտ մըն էր ի շահ քրիստոնէութեան եւ ընդդէմ Օսմանեանն կայսրութեան: Օսմանեան կայսրութիւնը իր զօրութեան գագաթնակէտին էր եւ կը սպառնար գրաւել ամբողջ Եւրոպան: Ընդդէմ այս վտանգին, Պիոս Զ. Քահանայապետը եւրոպական է լիկա մը համախմբեց, դէմ դնելու համար վտանգին: Ան քրիստոնեայ իշխանները կքաջալերեց ըսելով՝ « մի՛ վախնաք, որովհետեւ Վարդարանի Տիրամայրը մեզի հետ է եւ իսկոյն յաղթանակը մերն է»: Միեւնոյն ժամանակ կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որ Հռոմի մէջ ամէն տեղ վարդարան աղօթեն: Սրբուհի Թերեզա Աւելացին կ'ըսէ՝ « Ս. Կոյսը երբեք չի թողուր անոնց, որոնք տագնապի ժամանակ իրէն կը դիմեն»: Եւ իսկապէս Մարիամու բարեխօսութեամբ ծովամարտը յաղթանակով կը պսակուի եւ Եւրոպան կը փրկուի:
Այս բոլորէն ետք կը մնայ մեզի հաւատարիմ գտնուիլ վարդարանի աղօթքին եւ վարդարանի Տիրամօր, որովհետեւ Անոր բարեխօսութիւնը զօրաւոր է, եւ Ան երբեք չի թողուր իր զաւակները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ