ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (23)
ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԿԻՊՐՈՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ
Դէպի Արեւմուտք ուղեւորուող ֆրանսական դրօշ պարզած նաւը Աղեքսանդիրոյ նաւահանգիստէն ելլելով կը հասնի Կիպրոս, Սաղամիւսի նաւահանգիստը։ Նաւապետին կը տեղեկացնեն որ ծովահէններով լեցուն անգլիական նաւարտակներ դարանակալած էին արեւմուտքի ուղին։ Նաւապետը խոհեմ կը նկատէ քանի մը օր ուշացնել մեկնումը, քանի որ այդ օրերուն երկու տէրութիւնները՝ Ֆրանսան եւ Անգլիան պատերազմի մէջ էին։
Ճամբորդները կը տեղաւորուին մօտակայ Տուզլա ծովեզերեայ աւանը։ Այդ օրերուն Գրիգոր կաթողիկոսը կ՚ուզէ սիրաշահիլ Յովհան վարդապետը եւ Մխիթար սարկաւագը, խոստանալով ձեռնադրել զիրենք, որպէսզի շքախումբով կարենար մուտք գործել Հռոմ։ Մխիթար յանձն չ՚առներ քահանայ ձեռնադրուիլ, եւ կը փորձէ տարհամոզել նաեւ Յովհան վարդապետը, պատճառաբանելով թէ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք շատ դժուար պիտի ըլլար ուսման նուիրուիլ եւ իրականացնել իրենց երազանքը։ Սակայն Յովհան ի վերջոյ տեղիք կու տայ եւ Կաթողիկոսը զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ հայոց Ս. Մակար վանքին մէջ, որ Սաղամիւսէն միօրեայ ճանապարհով հեռու էր։
Յուլիս ամսուայ կիզիչ օրերն էին, եղանակը անբարենպաստ. տեղւոյն ջուրն ալ մաքուր չէր, եւ այդ պատճառով սովորաբար գինեխառն կը խմէին. իսկ Մխիթար գինիէն հրաժարած ըլլալով՝ այդ ջուրը խմելով, արեւակէզ ըլլալով՝ տապահար, ծանր կը հիւանդանայ։ Այնուհանդերձ, այդ վիճակով բոլոր ճամբորդներուն հետ միասին նաւ կը բարձրանայ։ Նաւապետը տեսնելով որ դալկահար, հիւանդագին վիճակ մը ունէր՝ չ՚ուզեր զինքը ընդունիլ իր նաւուն մէջ, բնականաբար զգուշանալով համաճարակէ եւ կամ մահացած ուղեւոր մը գրանցելու բարդութիւններէն։
Այդ պահին Յովհան եպիսկոպոսը կը միջամտէ, խնդրելով եւ պաղատելով որ իր ընկերոջ թոյլ տայ միասին ճամբորդելու դէպի Հռոմ։ Նաւապետը անտեղիտալի կը գտնուի։ Յովհան եպիսկոպոսը օտարութեան մէջ առանձին, անօգնական չձգելու համար իր ընկերը՝ կ՚որոշէ Մխիթարի հետ միասին լքել նաւը։ Գրիգոր Կաթողիկոս կը հակառակի, քանի որ զինք եպիսկոպոս ձեռնադրած էր միայն այն նպատակով՝ որ երկու եպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ հանդիսաւոր մուտք գործէր Հռոմ, եւ քանի որ ձեռնադրութեան վկայականը իր մօտ պահած էր, կը սպառնայ չտալ Յովհան եպիսկոպոսին, եթէ երթար։ Ճարահատ Յովհան կրկին անգամ կ՚աղերսէ նաւապետը, որ Մխիթար նաւ մտնէ։ Այս անգամ ան կը զիջի իր աղաչանքներուն։
Բարեյաջող հովը բարձրանալուն՝ ուռուցիկ առագաստները կը շարժեն նաւը՝ որ սրընթաց կը դիմէ դէպի յաւիտենական քաղաք՝ Հռոմ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ