MAP

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ընդհանուր ժողով Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ընդհանուր ժողով  (Siciliani/Gennari-Cei)

Յոյսի եւ ուխտագնացութեան վկայութիւններ, CEI-ի Սինոդական ժողովի յոբելեանը

Պօղոս Զ անուան դահլիճի մէջ տեղի ունեցան լսումներ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց դասի համաժողովին մասնակիցներուն։ Ուղեկցութիւնը անչափահասներուն բանտին մէջ, կեանք, որ յատկանշուած է է հիւանդութեամբ եւ առաքելութեամբ. Այս եղան պատմուած փորձառութիւններ։ Գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլան սուրբ Պատարագ մատուեց Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ յորդորելով չամչնալ յաւիտենական կեանքը հռչակելէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համաժողովին մասնակիցներուն Սուրբ Տարուան յոբելեանը։ Այս կապակցութեամբ,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համաժողովին մասնակիցները կիսեցին իրեն փորձառութիւնները եւ վկայութիւններ տուին յոյսի եւ ուխտագնացութեան մասին։

Մասնակիցներուն շարքին, Պէքքարիայի անչափահասներուն բանտի մատրանապետ, հայր Քլաուտիօ Պուրճիօ խօսեցաւ երիտասարդները իրենց յանցագործութիւններու հետ չնոյնացնելու մասին, այլ անոնց նոր աչքերով նայիլ ու ուղեկցիլ իրենց տառապանքներուն մէջ ընդգծելով, որ ճշմարիտ յոյսը կը կառուցուի նաեւ տառապանքի միջոցաւ ։

Սամմի Պասոյի մայրը Լաուրա Լուքին, շօշափեց կեանքի եւ հիւանդութեան թեման։ Չնայած իր զաւկին հիւանդութեան, տիկին Լաուրա իր զաւակին մէջ գտաւ կեանքի ուրախութեան եւ պարգեւին մասին մեծ դաս մը, ընդգծելով նոյն հիւանդութենէն տուժած ուրիշներուն օգնելու իր վճռականութիւնը։

Ուկանտայի մէջ միսիոնարներ, Ճորճօ եւ Մարթա կիսեցին ամենաաղքատներուն ծառայելու իրենց փորձառութիւնը, նկարագրելով թէ ինչպէս անհանգստութիւնը եւ իմաստի որոնումը ստիպած են զիրենք նուիրուելու ուրիշներուն։ Անոնք զրուցեցին սիրոյ մասին, որ սէրը կը կերպարանափոխէ «տարբերին« հետ յարաբերութիւնը ինչպէս նաեւ յոյսի մասին, որ աջակցած է իրենց դժուար պահերուն մէջ։

Վկայութիւններուն աւարտին, համաժողովին մասնակիցները ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Սուրբ Դուռը, ապա մասնակցեցան Գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլայի գլխաւորած սուրբ պատարագին։

Գերպ Ֆիզիքելլա իր քարոզին մէջ ընդգծեց սինոդական ուղեւորութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս Հօր Սիրոյ նշանը, հրաւիրելով քրիստոնեայ հասարակութիւնը վկայելու Յիսուսի Յարութիւնը արմատական մշակութային փոփոխութիւններուն ժամանակահատուածին մէջ։

Յորդորեց վերակենդանացնել յոյսը հաստատելով, որ յոյսը պէտք է դառնայ վառուող կրակ, քան թէ մեռնող խարոյկ ու հրաւիրեց չ՝ամչնալ յաւիտենական կեանքը հռչակելէ, որ կարեւոր է ժամանակակից աշխարհի իմաստալից ուղերձ առաջարկելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2025, 08:02