MAP

Սան Լորէնցօ ին Փիշիպուս Եկեղեցին (Արխիւ) Սան Լորէնցօ ին Փիշիպուս Եկեղեցին (Արխիւ)  (Guilherme Souza)

Համամիութենական աղօթք Քահանայապետի եւ բոլոր տառապողներուն համար

Թեզէյի հասարակութեան եւ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան համագործակցութեամբ ուրբաթ 21 մարտին տեղի կ՛ունենայ համամիութենական աղօթք Հռոմի San Lorenzo in Piscibus Եկեղեցւոյ մէջ։ Աղօթքին կը մասնակցի նաեւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Համամիութենական հաւաք եւ աղօթք նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու բոլոր հիւանդներուն եւ տառապողներու առողջութեան համար. Այս է այն ինչ որ նախատեսուած է այսօր ուրբաթ 21 Մարտի կէսօրէն ետքը ժամը երեքին Հռոմի San Lorenzo in Piscibus Եկեղեցւոյ մէջ որ նաեւ Սան Լորէնցօ երիտասարդական միջազգային կեդրոնի նստավայրն է։

Աղօթքը կազմակերպուած է Թեզէյի հասարակութեան, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան, Հռոմի Թեմի համամիութեան եւ երկրախօսութեան գրասենեակի կողմէ համագործակցութեամբ Հռոմի Մեթոտիստ եկեղեցւոյ եւ Բարեկարգուած Եկեղեցիներու համամիութեան գրասենեակներու եւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ կեդրոնին։

Մասնակիցներու շարքին է ի միջի այլոց Թեզէ հասարակութեան մեծաւոր Եղբայր Մաթիու, Գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէ` Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան քարտուղարը, Tara Curlewis` բարեկարգուած Եկեղեցիներու ներկայացուցիչ, Matthew A Laferty, Մեթոտիս Եկեղեցիէն, Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը` Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն եւ Jim Linthicum, Անկլիքան Եկեղեցիէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2025, 11:57