Կարդինալ Փիցապալլա. Ներողամտութիւնը աւելի ուժեղ է քան ատելութեան կատաղի խօսքերը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Զատկուայ սիրտը ներկայացուած է խաչին վրայ, ուր հիմնուած է Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի յոյսը, հակառակ մարդկային դժուարութիւններուն ինչպէս պատերազմներն ու բռնութիւնները։ Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիզապալլա, Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը այս տողերը գրած է Քառասնորդացին իր ուղղած նամակին մէջ, հաստատելով որ քինախնդրութիւնը չկրնար խախտել խաղաղութեան պատգամը եւ Քրիստոսի ներումը, արտայայտելով յոյսի ճանապարհներ բացող նոր խօսքի անհրաժեշտութիւնը։
Կարդինալ Փիցապալլա պատգամին մէջ անդրադարձաւ ճանապարհ խաչին որպէս նուիրատուութեան եւ ներումի ճանապարհորդութիւն, որ կը խնդրէ բոլորին պարտաւորութիւնը, որպէսզի կարենանք աւելի խաղաղ ապագայի յուսալ։ խաղաղութիւնը նշեց Երուսաղեմի պատրիարքը կ՝իրականայ հաշտութեան միջոցաւ, ծառայութիւն մը, որ կը պահանջէ հոգեւոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն գործօն մասնակցութիւնը։
Հաշտուիլ Աստուծոյ հետ կը նշանակէ նաեւ հաշտուիլ իրարու եւ մարդկութեան հետ։ Աղօթքն ու ծոմապահութիւնը անհրաժեշտ միջոցներ են ստանալու համար զատկուան խաղաղութեան պարգեւը, գրեց Լատինաց Պատրիարքը։
Նշենք, որ Սուրբ Երկրի պահակ, հայր Ֆրանչէսքօ Փաթոն, յաջորդ շաբաթ կայանալիք Սուրբ երկրի ժողովուրդին զօրակցութեան համար աւանդական դրամահաւաքի առթիւ յղած պատկերասփռուած պատգամին մէջ անդրադառնալով խաղաղութեան կարեւորութեան նշեց, որ պատերազմը բոլոր ճակատներուն վրայ միայն մահ եւ կործանում յառաջացուց եւ ժողովուրդներու եւ եղբայրներու միջեւ աւելի ատելութիւն մշակեց։ Բազմաթիւ ընտանիքներ մնացին առանց գործի ու յոգնեցան իրենց զաւակները դպրոց ուղարկելու, ինչպէս նաեւ բժշկական ծախսերը վճարելու։ Բազմաթիւ զոյգեր ստիպուեցան նոր ընտանիք կազմելու եւ զաւակներ ունենալու երազէն հեռանալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ