MAP

2023.10.16   Serata di gratitudine al Pont Collegio Armeno presieduta da S. B. Raphael Bedros XXI Minassian

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը Ֆիթրի տօնին առիթով՝

«Այս օրհնաբեր տօնը մեզի կրկին անգամ կը յիշեցնէ հաւատքի ու ներումի արժէքներուն մասին եւ մեզ կ'ուղղէ վերահաստատելու համար սէրը մեր հայրենիքին բոլոր զաւակներուն միջեւ: Լիբանան երբեք հողատարածք մը չէ լոկ, որ կը համախմբէ տարբեր համայնքներ, այլ նաեւ համակեցութեան կենդանի առաքելութիւնն է, ուր եղբայրութեան ու միասնականութեան մէկ ոգիով կը հանդիպին քրիստոնեայ եւ իսլամ տօները»:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց բոլոր լիբանանցիներուն Ֆիթրի տօնին առիթով՝ հայցելով Աստուծմէ, որ այս տօնը ամենայն բարիք ու խաղաղութիւն բերէ եւ վերացնէ բոլոր սեւ ամպերը մեր հայրենիքին երկնակամարէն, որպէսզի Լիբանան համակեցութեան ու իսկական եղբայրութեան օրրանը դառնայ վերստին:

Հ. Կ. Հայրապետը շարունակեց.«Այս օրհնաբեր տօնը մեզի կրկին անգամ կը յիշեցնէ հաւատքի ու ներումի արժէքներուն մասին եւ մեզ կ'ուղղէ վերահաստատելու համար սէրը մեր հայրենիքին բոլոր զաւակներուն միջեւ: Լիբանան երբեք հողատարածք մը չէ լոկ, որ կը համախմբէ տարբեր համայնքներ, այլ նաեւ համակեցութեան կենդանի առաքելութիւնն է, ուր եղբայրութեան ու միասնականութեան մէկ ոգիով կը հանդիպին քրիստոնեայ եւ իսլամ տօները»:

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը կը նշէ, թէ այս տարի ֆիթրի տօնը կը համընկնի քրիստոնեաներու մօտ Մեծ Պահքի շրջանին հետ՝ յատուկ զուգադիպութեամբ մը, որ իր մէջ, սակայն, կը կրէ հզօր հոգեւոր պատգամ մը:

Ծոմապահութեան այս համերաշխութիւնը կրօններուն միջեւ, ժամանակի առումով, պարզապէս զուգադիպութիւն մը չէ, այլ՝ կոչն է խորհրդածելու համբերութեան, զոհաբերութեան եւ Աստուծոյ աւելի մօտ ըլլալու խոր իմաստներուն մասին, ինչպէս նաեւ վերահաստատումն է մեր միացեալ արժէքներուն, որոնց պէտք է կառչած մնանք այսօր աւելի քան երբեք:

Մեր երկրին մէջ տիրող այս դժուար պայմաններուն՝ Ֆիթրի տօնը նոր առիթ մը կ'ընծայէ անդրադառնալու նուիրումի եւ ողորմութեան առաքինութիւններուն, ինչպէս ալ կանգնելու այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք մեծ կարիքն ունին մեր օժանդակութեան:

«Այս տօնը թող դառնայ հրաւէր մը՝ սրտերուն մէջ ուրախութիւնը սփռելու համար եւ օգնելու կարօտեալներուն՝ այդ յոյսով, որ միասնաբար կը կերտենք աւելի արդար ու փայլուն ապագայ մը»:

Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը կ'եզրափակէ՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ այս օրհնաբեր տօնը բոլորին բաշխէ բերկրանքներն ու շնորհնքները, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատէ Լիբանանի մէջ, որպէսզի շարունակէ մնալ միասնականութիւնն ամրապնդող ու վայելող մեր հայրենիքը, որ սիրով եւ եղբայրութեամբ կը համախմբէ իր բոլոր երկրաքաղաքացիները:

- Բոլորիս եւ բոլորին շնորհաւո՛ր տօն:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2025, 10:11