MAP

Աղօթք Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար Աղօթք Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար 

Եւրոպայի եպիսկոպոսները կ՝աղօթեն Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար։

Քառասնորդացի բոլոր ժամանակահատուածին Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը միանան Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ՝ աղօթելու, խաղաղութիւն հայցելու եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար աղօթելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի մոխրոց օրէն սկսեալ քառասնորդացի բոլոր ժամանակահատուածին, Եւրոպայի մէջ եպիսկոպոսները կը միանան Սուրբ պատարագ մատուցանելով՝ խաղաղութիւն հայցելու համար։ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն անդամները հրաւիրուած են առնուազն մէկ պատարագ մատուցանելու աղօթելու համար պատերազմի զոհերու համար եւ Տիրոջմէ հայցելու «յարատեւ խաղաղութիւնը, մասնաւորապէս Ուքրանիոյ եւ Սուրբ Երկրին համար։

Եւրոպայի բոլոր եպիսկոպոսներուն խաղաղութեան համար նուիրած բոլորը միասին Սուրբ Պատարագը մատուցանելու նպատակն է դառնալ հաղորդութեան նշան եւ տեսանելի յոյս ողջ եւրոպային ցամաքամասին համար, աղօթքի պահ, ծոմապահութիւն, բարեգործութիւն, «բոլորս եղբայրները զգալու համար եւ Աստուծմէ հայցելու պատերազմի աւարտը։

Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերը կը վերանորոգեն իրենց կոչը աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2025, 08:20