Կարդինալ Փիցապալլա. Սուրբ Երկրի մէջ ամէն ինչ կը խօսի կործանումի մասին, դժուար է յուսալ, բայց ոչ անկարելի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հակամարտութեան եւ աւերածութիւններով բնորոշուած միջավայրէն ներս, Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա պատկերասփռուած պատգամով յոյսի կոչ ուղղեց՝ չնայած Սուրբ Երկրի մէջ տիրած բոլոր դժուարութիւններուն։ Երկխօսութեան, զօրակցութեան, հանդիպումի նիւթին նուիրուած, Հռոմի մէջ կայացած «Հիւրընկալութեան տաճար» միջոցառումին մասնակիցներուն ուղղած պատգամին մէջ Լատինաց Պատրիարքը ընդգծեց որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, դեռեւս կան անթիւ մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն Սուրբ երկրի մէջ զօրակցութեան եւ աջակցութեան խթանաման։»
Հռոմի մօտակայքը գտնուող «Fraterna Domus a Sacrofano» տարածքի մէջ կայացած միջոցառումը որ ունի որպէս կեդրոնական նիւթ «Յոյս, հիւրընկալութիւն, եղբայրական մոլորակային յոյսի համար» պիտի տեւէ մինչեւ 28 մարտ։
Շօշափելի յոյս
Կարդինալ Փիցապալլա պատգամին մէջ հրաւիրեց նայելու ներկան բնորոշող բարբարոսութիւններէն անդին յորդորելով վերագտնելու յոյսը, որ կը բնակի իւրաքանչիւր հաւատացեալին մէջ։ «Մեր սիրտին մէջ ապրող յոյսը, Յիսուս Քրիստոսն է», ըսաւ Պատրիարքը ապա անդրադառնալով Աւետման տօնին, նշեց որ Մարիամի «Այո»ն է որ պատմութիւնը փոխեց։ Լատինաց Պատրիարքը Հրաւիրեց ուխտաւորները վերադառնալու Սուրբ Երկիր նկատել տալով որ Սուրբ Երկրի մէջ ուխտաւորներուն ներկայութիւնը հիմնարար է քրիստոնեայ հասարակութեան համար, որ կը շարունակէ դիմակայել բազմաթիւ դժուարութիւններ։
Մութ անցեալի յիշողութիւնները
Միջոցառումին ընթացքին, Օրատիայի Ռումանացիներուն թեմի եպիսկոպոս գերպ, Վիրճիլլի Պէրչէա կիսեց խորհրդային միութեան ազդեցութեան տակ իր ապրած կեանքի փորձառութիւնը։ Ան նկարագրեց Ռումանիայի մէջ մութ ժամանակները, ուր ազատութիւնը մերժուած է ու եկեղեցին հալածուած ։ « Մենք յոյսով ենք, որ պատմութիւնը ետ չվերադառնար» ըսաւ եպիսկոպոսը արտայայտելով ճնշումներէն զերծ ապագային իր իղձը։
Անշահախնդրութեան իմաստը
Իտալիոյ Լուքա թեմի եպիսկոպոս, գերպ Փաուլօ Ճուլիեթթի իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ անշահախնդրութեան վրայ նախ, նշելով որ « Ամենամեծ նշանը անշահախնդրութիւնն է ընդգծելով, որ առանց բան մը խնդրելու հիւրընկալելը հզօր եւ սադրիչ պատգամ է ու այս տեսակ հիւրընկալութիւնը էական է ոչ միայն ուխտաւորներու համար, նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կատարեցին իրենց ուղեւորութիւնը եւ կը փափաքին վերադարձնել իրենց ստացած փորձառութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ