MAP

Իրաքի մէջ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ քրիստոնեաները  (ANSA)

Սուրիա. Արք Մուրատ. Հումսի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ կ՝աղօթեն Պապին համար։

Սուրիոյ մէջ նաեւ աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։ Հումսի արք- գերպ Ժաք Մուրատ. «Սուրիացիները գիտեն որ իրենց երկիրը ֆրանչիսկոս Պապին սիրտին եւ ամենօրեայ աղօթքին մէջն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրիոյ քրիստոնեաները նաեւ ամէն օր կ՝աղօթեն Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որ 11 օրերէ ի վեր երկկողմանի թոքաբորբով Հռոմի Ակոսթինօ Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջն է, եւ որուն առողջապահական վիճակը բարդ է ։

Հումսի Ասորիներու արք. Գերպ Ժաք Մուրատ, «Վատիկան Նիւզ»-ի ֆրանսական բաժանմունքի տեղեկացուց, որ իր թեմի 11 ժողովրդապետութիւններուն մէջ ամէն օր Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի եւ վարդարանի աղօթքը կ՝արտասանուի Ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութեան։ Սուրիոյ քրիստոնեաները գիտեն, որ «Սուրիան Ֆրանչիսկոս Պապին սիրտին եւ ամենօրեայ աղօթքին մէջ է», ըսաւ արքեպիսկոպոսը աւելցնելով որ «Սա նուազագոյնն է, որ կրնանք ընել ու աղօթել Քահանայապետին առողջութեան համար, որովհետեւ եկեղեցին Պապին կարիքն ու առաքելութեան պէտքը ունի, եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար, որպէսզի ողջ ժողովուրդներուն մէկ եկեղեցին ըլլայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 07:30