MAP

Յիսուս խաչին վրայ Յիսուս խաչին վրայ 

«Նեղութիւն, Համբերութիւն, Նկարագիր Ապա՝ Յոյս» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Մեր իմաստութիւնը խաչեալ Քրիստոս Ինքն է, նմանինք իրեն եւ պիտի փրկուինք:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մէլ Կիպսինին պատրաստած «Քրիստոսի Չարչարանքները» ֆիլմին մէջ պատկեր մը մը կայ, որ ուշագրաւ է: Խաչի ճանապարհին ընթացքին, Յիսուս այնպիսի գուրգուրանքով կը փայփայէ իր խաչը, որ իր մօտ եղողներուն զարմանք կը գրգռէ: Իսկութեան մէջ ֆիլմին այս պատկերը սուրբ գրային հիմք ունի: Աստուածաշունչը Քրիստոսի համար կը գրէ՝ «Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ. վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ մարդ եղաւ» (Ես. 53:3): Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ՝ « Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ՚ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» (Մտթ. 16:24): Եթէ միայն այս երկու համարները նկատի առնենք՝ խաչ կրելը եւ նեղութիւններ ապրիլը էական հիմքերը պէտք է ըլլան մեր կեանքին: Այս խօսքերը ներկայ մտայնութեան եւ արդի մարդուն խորթ եւ անըմբռնելի գաղափարներ են: Մեզ շրջապատող ամէն ինչ մեզի կը սորվեցնէ, թէ կեանքը մէկ նպատակ ունի՝ հանգիստ եւ ուրախութիւն: Սակայն Քրիստոսն ու եկեղեցին տարբեր կարծիք ունին այս կապակցութեամբ: Սուրբերը, նման իրենց երկնային վարդապետին, ողջագուրեցին իրենց խաչերը, յաղթեցին իրենց կիրքերուն եւ արժանացան երկնային անթառամ պսակին:
Ոմանք կրնան հարց տալ՝ արդեօք այս ապրելակերպը մասոքութիւն (Le masochisme) չէ՞. այսինքն նուաստացումէն, բռնութիւնէն եւ կամ խոշտանգումներէն հաճոյք ստանալու միտում: Ամէն անգամ, որ խաչ կրելու մասին խօսուի, այս հարցումը կը հարցուի:

Աստուած երբ ստեղծեց աշխարհը ամէն ինչ բարի էր: Մարդը մերժեց այդ բարիքը եւ խզեց իր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ: Աստուած իր անսահման իմաստութեամբ, որպէս պատիժ անիծեց երկիրը: Բուշն ու տատասկը, ինչպէս նաեւ ցաւն ու տառապանքը մուտք գործեցին մարդուն կեանքին մէջ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՄԱՐ: Ս. Պօղոս բացատրելով այս իրականութիւնը կը գրէ՝ « նեղութիւններու մէջ կը պարծենանք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ. եւ համբերութիւնը՝ նկարագիր ու նկարագիրը՝ յոյս» (Հռոմ. 5:4): Եթէ չմտնենք Քրիստոսի կեանքէն մէջ՝ այսինքն անոր ապրելակերպին, մտածելակերպին, եւ այն բոլորին՝ ինչ որ կարեւոր է Իրէն համար, չենք կրնար Իր փորձառութիւնը ունենալ: Պէտք է մտնենք Անոր կեանքի նմանութեան մէջ՝ լի նեղութիւններով եւ խաչով: Պէտք չէ վախնանք նեղութիւնէն, քանի որ նեղութիւնը կը բերէ համբերութիւն. իսկ համբերութիւնը՝ նկարագիր. եւ նկարագիրը տեսնելով, թէ Աստուած ինչպէս կը գործէ մեր կեանքերէն ներս, մեզի կը շնորհէ յոյսը: Յոյսը, որ Աստուած մեզ կերպարանափոխելու աշխատանքին մէջ է: Երբոր փոխուինք, պիտի տեսնենք երկնքի գեղեցկութեան փոքր մէկ մասը: Եւ այս պատճառով մենք յոյս ունինք, որ օր մը լ ամբողջովին պիտի փոխուինք ըլլալով լի երջանկութեամբ եւ գիտելիքով եւ վայելենք երկինքը իր ամբողջ պայծառութեամբ:

Այս է պատճառը, որով մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզ կը կանչէ խաչ կրելու: Խաչը մեր «Եսը» կը մահացնէ եւ թոյլ կու տայ, որ Քրիստոս ապրի մեր մէջ: Եթէ հիմա՝ այս կեանքին մէջ Քրիստոսի նմանութեան ընթացքին մէջ չըլլանք, ինչպէս պիտի նմանինք իրէն երբ Ան վերադառնայ:

Բայց եթէ Քրիստոս մեզի հետ չըլլայ խաչ շալկելու ընթացքին մէջ ,մենք երբեք կարող պիտի չըլլանք, ոչ թէ խաչ կրելու, այլ լման գաղափարը ըմբռնելու: Հոս կ'ուզեմ աւարտել Ս. Պօղոսի խօսքերով՝ « Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է. բայց մեզի՝ փրկուածներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է: Վասն զի գրուած է՝ «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ... Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը...» (Ա. Կորթ. 1:18): Մեր իմաստութիւնը խաչեալ Քրիստոս Ինքն է, նմանինք իրէն եւ պիտի փրկուինք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 08:44