MAP

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (18)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

18.- ՄԽԻ­ԹԱ­ՐԻ ԿՈՒՐ­ՑԱԾ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ԳՐԱԾ ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱ­ՄՕՐ ԳՈ­ՎԱ­ՍԱ­ՆԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ԳԸ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ամ­բողջ ձմեռ Մխի­թար սար­կա­ւագ կու­րու­թեան խա­ւա­րին մէջ կ՚անցընէ օրե­րը, ցա­ւա­տանջ, որով­հե­տեւ նոյ­նիսկ եթէ ցա­ւե­րը կը մեղ­մա­նան, սա­կայն չեն փա­րա­տիր, քա­նի որ արեան զե­ղու­մը չէր դադ­րած։

­Մատ­նուած այդ խա­ւա­րին, սա­կայն հո­գին զուարթ էր եւ լու­սա­շող։&;

Ա­ղօթ­քով եւ հո­գե­ւոր խո­կու­մով կ՚ան­ցը­նէր իր օրե­րը, եւ այն­պէս կա­նո­նա­ւոր կեր­պով դա­սա­ւո­րած էր իր կեան­քը, որ միշտ օգ­տա­շատ զբա­ղու­մով կը լեց­նէր իր ժա­մա­նա­կը։ Հի­ւան­դու­թե­նէն առաջ, Ս. Նշա­նի վան­քին մէջ սկ­սած էր գոց սոր­վիլ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պե­տի շա­րադ­րած «Յի­սուս Որ­դի»ն. սոր­ված հա­տուած­նե­րը կը կրկ­նէր՝ յի­շո­ղու­թեան մէջ թարմ պա­հե­լու հա­մար, իսկ եթէ ըն­թեր­ցող մը այ­ցե­լէր իրեն, շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կար­դալ կու տար որ­պէս­զի ին­քը մտա­պա­հէր եւ ան­գիր ար­տա­սա­նէր։

Ա­ռան­ձին եղած ժա­մա­նակ Աս­տուա­ծա­մօր նուի­րուած գո­վա­սա­նա­կան ոտա­նա­ւոր եր­գեր կը յօ­րի­նէր, եւ երբ գրել գիտ­ցող մը իրեն այ­ցե­լու­թեան գար, տուն առ տուն ար­տա­սա­նե­լով՝ գրել կու տար։ Եւ այս­պէս կը ձե­ւա­նայ այն այբ­բե­նա­կան եր­կա­րա­շունչ եր­գը, որու առա­ջին տա­ղի եր­կրոր­դա­կան սկզբ­նագ­րե­րով կը կազ­մուի հե­տե­ւեալ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը. «Մինչ կոյրն էի ուխ­տե­ցի, զի ի Կու­սէդ լոյս տա­ցի»։&;

Այն օրե­րը երբ ձմե­ռուան կէ­սին եղա­նա­կը կը մեղ­մա­նար եւ ջեր­մա­շունչ օր կ՚ը­նէր, Մխի­թար սար­կա­ւագ կը խնդ­րէր որ իրեն եր­կու կոյ­սե­րու տու­նը թե­ւան­ցուկ տա­նէին։ Հոն հո­գե­պէս կը վե­րա­նո­րո­գուէր եւ ներ­քին ու­րա­խու­թեամբ կը լե­ցուէր Մա­նա­սէի աս­տուա­ծա­պար­գեւ խօս­քե­րով։ Ամ­բողջ օրը կ՚ան­ցը­նէր ըն­թեր­ցուող հո­գե­ւոր գիր­քե­րու ունկնդ­րու­թեամբ։ Շատ ան­գամ այդ տան մէջ հա­ւա­քուած­նե­րուն կը մեկ­նէր ըն­թեր­ցուած հա­տուած­նե­րը եւ կամ հո­գե­ւոր զրոյց­ներ կը վա­րէր, մխի­թա­րե­լով ներ­կա­նե­րը իր հո­գե­պա­րար խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։&;

Այս­պէս կ՚ան­ցը­նէ ձմե­րուան օրե­րը, եւ գար­նան բա­ցուե­լուն, բա­րե­կամ­նե­րէ կ՚ի­մա­նան որ դե­ղա­գործ մը գի­տեն որ ակ­նա­կա­պի­ճի մէջ հա­ւա­քուած արիւ­նը մաք­րող շատ ազ­դե­ցիկ դեղ կը պատ­րաս­տէ։ Դե­ղա­գոր­ծը ու­րի­շի չէր վս­տա­հեր այլ քա­ռա­սուն օր ան­ձամբ կը կա­թեց­նէր, եւ քա­նի որ քա­լել կը դժուա­րա­նար՝ տու­նէ տուն չէր շր­ջեր, այլ հի­ւանդ­նե­րը իր քով կ՚եր­թային։ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը այս լսե­լով յանձն կ՚առ­նէ, եւ օրը մէկ ան­գամ զինք կը տա­նէին այդ դե­ղա­գոր­ծին։ Քա­ռա­սուն օր ետք, Աս­տու­ծոյ բա­րե­հա­ճու­թեամբ, աչ­քե­րը կը մաք­րուին արիւ­նէն եւ ցա­ւը կը փա­րա­տի։ Սա­կայն աջ աչ­քի սե­ւա­ջու­րը լրիւ կը խա­փա­նէր տե­սո­ղու­թիւ­նը, բայց քա­նի որ ձախ աչ­քի ոսպ­նա­ձեւ բի­ծը աւե­լի փոքր էր բի­բէն, ծած­կե­լով հան­դերձ տե­սո­ղու­թեան մեծ մա­սը, թոյլ կու տար որոշ չա­փով տես­նել եւ այ­լեւս առանց ձեռն­կա­լի կր­նար առան­ձին քա­լել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2025, 07:25