«Ո՞վ է Վարշամակին Մարդը»․ ցուցահանդէս Հռոմի «San Giovanni Battista dei Fiorentini» տաճարի մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն եւ պատմութեան մէջ ամենայայտնի Կերպասի ճանապարհները իրար պիտի հանդիպին Հռոմի մէջ, ուր՝ «San Giovanni Battista dei Fiorentini» Պազիլիքան, պիտի հիւրընկալէ «Ո՞վ է Վարշամակին Մարդը» տիտղոսով ցուցահանդէսը։
Ցուցահանդէսի շնորհանդէսը նախատեսուած է 10 Մարտին, ժամը 18:00ին։ Համադրուած է «Regina Apostolorum» Քանայապետական Համալսարանի կողմէ (Ateneo Pontificio Regina Apostolorum - APRA), որ նպատակ ունի հնարաւորութիւն ընձեռել մօտ ըլլալու Վարշամակին՝ Թուրինի մէջ պահուող բնօրինակի հաւատարիմ վերարտադրութեան միջոցաւ:
Ցուցահանդէսը, ըստ «Othonia» հետազօտական խումբի տնօրէն` Հայր Ռաֆայէլ Փասքուալի խօսքերու՝ «լուռ վկայ» է, որ թոյլ կու տայ խորասուզուիլ ճամբորդութեան մը մէջ՝ յատկապէս Մեծ Պահքէն Զատիկ շրջանին»։
Վարշամակը գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ
«Եզակի հնարաւորութիւն՝ մօտէն խոկալու քրիստոնէութեան այդ կարեւոր խորհրդանիշի մասին եւ խորամուխ ըլլալու անոր պատմութեան ու նշանակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրելու անոր կապը Յիսուս Քրիստոսի կերպարի հետ՝ փորձագէտներու ներդրումներու միջոցաւ»: Այս մասին ալ կը կարդանք Քահանայապետական Համալսարանի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։
«Ո՞վ է Վարշամակին Մարդը» ցուցահանդէսը, Յոյսի Յոբելեանին նուիրուած միջոցառումներէն առաջինն է, որ APRA-ն կազմակերպած է։ Յիրաւի, անոր բացումին օրը՝ 10 Մարտին նախատեսուած է նաեւ գիտաժողով՝ «Վարշամակ․ գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ» խորագիրով, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միջազգային ճանաչում ունեցող գիտնականներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ