MAP

2025.02.18 Riunione dei Patriarchi e dei Vescovi del Libano

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու և եպիսկոպոսներու խորհուրդի 57րդ նիստը

Նիստին ի շարս այլ Պատրիարքներու կը մասնակցի նաեւ Ամենապ. Եւ Գերերջ. ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը ինչպէս նաեւ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ երկուշաբթի օր` 17 Փետրուար 2025-ին Հարիսայի Պէյթ Անիա կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու և եպիսկոպոսներու խորհուրդի 57րդ նիստ, որ պիտի եզրափակուի վաղը` 20 Փետրուարին ի ներկայութեան այս առիթով Լիբանան մեկնած Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Միքայել Չեռնիիի։

Ժողովին կը մասնակցին Լիբանանի կաթողիկէ բոլոր Պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները։ Խորհուրդին դերը կը կայանայ «եկեղեցիներու միջև համակարգող կառոյցներ» ստեղծելու ու զանոնք զարգացնելու մէջ։

Ան ապա կ՛ապահովէ արդիւնաւէտ համամիութենական համակարգումը և համագործակցութիւնը կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներու միջև՝ հակառակ անոնց տարբերութիւններուն։ Խորհուրդին ներքոյ կը գործեն ապա տարբեր յանձնախումբեր ամրապնդելու համար հաղորդութեան կապերը ընդմէջ եկեղեցւոյ և հաւատացեալներուն։

Յանձնախումբերու շարքին նշենք` աստուածաբանութիւն և կանոնական իրաւունք, աշխարհական առաքելութիւն, հաղորդակցութեան միջոցներ, համամիութենական յարաբերութիւններ, արևելցիք սփիւռքի մէջ, կրթութիւն և մշակոյթներ, քրիստոնէական, ընտանեկան հարցեր, առողջապահութիւն, արդարութիւն և խաղաղութիւն, սոցիալական օգնութիւն, հովուական և սոցիալական համակարգում, երիտասարդութեան հարցեր...

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները
Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները

Այս տարուայ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու և եպիսկոպոսներու խորհուրդի 57րդ նիստին բնաբանն է «յոյսը որ յուսախաբ չի թողուր» կարգախօսը, որ ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած Յոյսի Յոբելենական Սուրբ տարուայ կոնդակին։

Վերոնշեալ Խորհուրդի բացման առիթով Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռային յոյս յայտնեց որ Լիբանան ապրի նոր փուլ մը, ընդգծելով նոր նախագահի Ժոզէֆ Աունի ընտրութեան ու Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան կազմաւորման կարեւորութիւնը, այս ծիրէն ակնարկելով Նախագահի ու Վարչապետի առջեւ կայացած հիմնական խնդիրներուն, որոնք կը ներառեն բարեփոխումներու իրականացումը, տնտեսութեան վերականգնումը, դրամատուներու նկատմամբ վստահութեան վերականգնում։

Ժողովը կը կեդրոնանայ վեց հիմնական թեմաներու վրայ՝ խորհուրդի ինքնութիւնը և կառուցուածքը, խորհուրդի յանձնաժողովներու թարմացումները, սեռական ոտնձգութիւններու և երեխաներու բռնութեան դէմ պայքարի ուղեցոյցներու հաստատումը, ընտրութիւններ, Հռոմի եպիսկոպոսներու սինոդի վերջնական փաստաթղթի քննարկումը և կարդինալ Միքայել Չեռնիի հետ մարդկային համապարփակ զարգացման մասին քննարկումները:

Նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2025, 10:54